image

Լիբանանցի կինը` պատերազմի օրերուն

Լիբանանցի կինը` պատերազմի օրերուն

Լիբանանի վրայ իսրայէլեան օդուժի յարձակումները մեզ կը տանին անորոշ եւ ճգնաժամային օրերու, եւ տակաւին հանգուցալուծման ձեւը անյայտ կը մնայ: Թէեւ մագլցումի մեղմացման դիւանագիտական ջանքեր շատ կան, սակայն անոնք ցարդ կը մնան ապարդիւն: Միակ իրականութիւնը այն է, որ գաղթականներու թիւը օրըստօրէ կ՛աւելնայ, հարաւային Լիբանանի եւ այլ շրջաններու մէջ շէնքերու փլատակները կուտակուած են, եւ լիբանանցի ժողովուրդը ահազանգի մատնուած է ու`  շուարած, թէ ինչպէ՛ս կրնայ այսպիսի վտանգաւոր եւ մտահոգիչ կացութիւն մը դիմակալել կամ իր անվտանգութիւնը ապահովել:

Տրուած ըլլալով, որ իշխանութիւններուն ճիգը անբաւարար է այս օրերուս, ընկերային գետնի վրայ լիբանանցիները իրենք սկսած են աշխատանքի, բարեսիրական միութիւնները, ոչ կառավարական  կազմակերպութիւնները գործի լծուած` կը ջանան գաղթականներուն համար ապաստարաններ ապահովել եւ անոնց օրուան ճաշերը հոգալ: Եւ անշուշտ, ինչպէս միշտ, այս պայմաններուն մէջ ալ առաջին թիրախաւորուածները կ՛ըլլան կիներն ու  աղջիկները, մայրերն ու քոյրերը, եւ իբրեւ տկար անձեր` սեռային կամ ընտանեկան բռնութիւնները կ՛աւելնան կիներուն նկատմամբ:

Ընդառաջելով ընդհանուր զօրակոչին` Լիբանան Կիներու ազգային խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն բովանդակութիւնը կը բխի ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւէն, որ որդեգրուած է կռիւներ, պատերազմներ եւ տագնապներ դիմագրաւող երկիրներու համար, ուր կիներու խաղաղութիւնը կը խանգարուի, մէկ խօսքով, կիները կը տուժեն, հետեւաբար պէտք է անոնց ապահովութիւնը երաշխաւորուի: Այդ յայտարարութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ 3 կէտերէն.

Ա.- Պետութիւնը իր ցանցերով տարածած է աղէտներու եւ ճգնաժամային արձագանգման գործունէութեան հեռաձայնային թէժ գիծերը` տեղահանուած կիներուն ապաստարաններ ապահովելու նպատակով: Անոնք են`

Լեռնալիբանան 81/548077

Պէյրութ 01/987001

Հարաւային Լիբանան 81/072619

Պեքա 81/479342

Աքքար 79/303476

Նապաթիէ 76/873806

Հիւսիսային Լիբանան, Թրիփոլի 06/443121

Բ.- Պատրաստուած են հարթակներ` այս նպատակին համար, հեռաձայնի այս թիւերով:

Գ.- Պետութիւնը, համաձայնաբար միջազգային որոշ մարմիններու հետ, ֆինանսաւորեց եւ յատկացումներ կատարեց, այդ յատկացումներուն մէկ մասը պիտի տրամադրուի կիներու եւ աղջիկներու կարիքներուն: Դարձեալ իրազեկման հրապարակումներ պիտի պատրաստուին կիներու նկատմամբ սեռային բռնութիւններու պարագային, որոնք սովորաբար տեղի կ՛ունենան այն վայրերուն մէջ, ուր մեծ թիւով բնակիչներ կ՛ապրին ապաստարաններու մէջ:

Պետութիւնը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ կիներու եւ աղջիկներու կարիքները ապահովել անձնականութեան յարգանքին (privacy respect) եւ առողջապահական գետիններու վրայ, մանաւանդ` սեռային բռնութեան պարագային: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ խրախուսել տեղահանուած կիները, որպէսզի գաղտնաբար իրենց բողոքները ներկայացնեն ներքին ապահովութեան ուժերու 1745 թէժ գիծին, ընտանեկան եւ սեռային բռնութիւններու պարագային: Նկատի պէտք է ունենալ, որ կիները պատերազմներէն քայքայուած շրջաններու մէջ կ՛ենթարկուին այսպիսի բռնութեան` յատուկ եւ անխիղճ ձեւերով, որոնց նպատակը երբեմն ռազմական եւ քաղաքական է: Հոս կ՛արժէ յիշել, թէ հոլանտացի զօրավար մը, որ ծառայած է իբրեւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար, ըսած է. «Պատերազմներու ժամանակ աւելի վատ է կին ըլլալ, քան` զինուոր»:

Սակայն, դժբախտաբար, ցարդ ՄԱԿ-ի վերջին 300 խաղաղութեան համաձայնագիրներուն մէջ միայն 18-ն անդրադարձած է կիներու դժբախտութիւններուն` սեռային բռնութեան առումով: ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն այս մասին արտայայտուած է` նշելով. «Ոչ մէկ տարածքի վրայ հաւաքական ձախողութիւն արձանագրուած է` բացի կիներու պաշտպանութիւնը ապահովելու հարցին մէջ»:

Կ՛եզրակացնենք, որ այսօր, Լիբանանի դիմագրաւած այս դաժան օրերուն պահը հասունցած է թիւ 1325 բանաձեւի 4 կէտերը յարգելու` կիներու խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար, որպէսզի անոնք ապրին անվախ եւ քաջ, իրենք զիրենք զգան ապահով իրենց կեցութեան ընթացքին ապաստանարաններուն մէջ, ուր իրենց իրաւունքները պաշտպանուած են եւ բռնութեան կանխարգիլման միջոցները յարգուած` համաշխարհային օրէնքներով եւ մարդասիրկան չափանիշներով:

Դարձեալ յիշենք, որ վերականգնումի եւ շինութեան աշխատանքներուն մէջ պէտք է յիշել կինը եւ անոր հաւասարութիւնը, այր մարդու կողքին, ազգային եւ միջազգային կառոյցներուն մէջ, նաեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու եւ գործողութիւններու ընթացքին` իբրեւ յատուկ ներկայացուցիչներ:

Վերջապէս, բոլորիս մաղթանքն է, որ այս դաժան եւ վատ օրերը շուտ վերջանան, եւ դարձեալ Լիբանան վերյառնի` հզօր եւ յաւերժ փիւնիկի նման:

 

Սօսի Փօլատեան
Լիբանանի Կիներու Ազգային խորհուրդի անդամ

«Ազդակ»