1. Շարժ-ժաժ-ճօճ
Նրբաճաշակ բարեկամ մը իմ վերջին առաքումիս առթիւ առաջարկեց շարժակայուն եւ ճօճակայուն բառերը, որոնք, կը կարծեմ, շատ աւելի բարեհունչ են, քան իմ առաջարկած շարժապաշտպան եւ շարժարգել բառերը...
Ուրիշ սրտցաւ մը առաջարկեց ցնցակայուն-ը:
Կարծեմ ամենավայելուչը շարժակայուն-ն է:
2. Մեր մամուլին մէջ կը կարդամ.
«ՄԻԵԴ-ը Ազրպեյճանին մինչեւ օգոստոս ժամանակ տրամադրած է Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ տեղեկութիւն տրամադրելու համար»:
Պիտի մտածէք՝ ո՞վ կրնայ ըլլալ հեղինակը:
Ո՞վ, եթէ ոչ արեւմտահայ քաջարի լրագրող մը. անո՜ր կիրթ ճաշակին կը վայելեն նման գոհարները եւ անկէ ալ կը տարածուին ի սփիւռս աշխարհի:
Այստեղ նկատելի է ամէն բանէ առաջ՝
--տաղտկալի կրկնաբանութիւնը տրամադրել բային. իսկ ամէն կրկնաբանութիւն արդէն բաւարար է կոտրելու ընթերցողին թափը. այս իրողութեան դժբախտաբար միայն իրենք՝ կրկնաբանողներն են,− ի մասնաւորի այս էջը,− որ չեն անդրադառնար, այսուհանդերձ այնքա՜ն ակնբախ ու զգալի է ան:
--քերականական կարեւոր սխալ մը. նախադասութեան մը ծիրէն ներս դերբայը եւ դիմաւոր բայը կ’ունենան նոյն ենթական. այլ խօսքով՝ ան որ «ժամանակ տրամադրած է», ենթադրուած է միաժամանակ ըլլալ ենթական «տեղեկութիւն տրամադրելու համար» դերբային:
Իսկ խաշած հաւն ալ գիտէ, որ ժամանակ տրամադրողը ՄԻԵԴ-ն է, իսկ տեղեկութիւն տրամադրել ենթադրուած է Ազրպեյճանը:
Շատ պարզ է այս կանոնը. ահա օրինակ մը. «Աղբիւր գնաց՝ ջուր բերելու». Գացողն ու բերողը նոյնն են, եւ այս տարրական հայերէն է, տարրական լեզու ու տարրական տրամաբանութիւն, որ սակայն տարին տասներկու ամիս կ’անտեսուի, կ’անգիտացուի, կ’արհամարհուի:
--եւ վերջապէս առկայ է սխալ եզրաբանութիւն մըն ալ. այստեղ ակնկալուող բայը տրամադրել-ը չէ. ՄԻԵԴ-ը պարզապէս ժամանակ «տուած է» Ազրպեյճանին՝ ակնկալելով «տեղեկութիւն ստանալ» անկէ:
Ուրեմն տարրական ողջմտութիւնը կը պահանջէր, որ բերուած նախադասութիւնը շարադրուէր սա՛պէս.
«ՄԻԵԴ-ը Ազրպեյճանին մինչեւ օգոստոս ժամանակ տուած է Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ տեղեկութիւն ստանալու համար»:
Ուր՝ տուողն ու ստացողը ունին նո՛յն ենթական:
Ճիշդ ինչպէս նոյն ենթական ունին աղբիւր գացողն ու ջուր բերողը:
* * *
Նոյն տեղը տրամադրել բայի մէկ ուրիշ կիրարկութիւնը.
«Բանբերը մերժեց մանրամասնութիւններ տրամադրել»:
Մանրամասնութիւնը... կու տանք, չենք տրամադրեր, իսկ աւելի վերամբարձ ոճով՝ կը հայթայթենք զայն: Տրամադրել բայը ըստ ինքեան կը պահանջէ նիւթական՝ շօշափելի խնդիրներ. հայերէնը կը տրամադրէ՝ ինքնաշարժը, սենեակը, զէնքը, գրիչը, գիրքը, սեղանը, համակարգիչը, թէկուզ բաճկոնն ու գլխարկը, բայց ոչ՝ մանրամասնութիւնններ:
3. Էլի նոյն գրիչի մէկ ուրիշ արգասիքը.
«Ռիատ Սալամէ կեդրոնական դրամատունէն մեկնեցաւ տօնախմբութեամբ, իսկ Մանսուրի ստանձնեց իր պաշտօնը»:
Հայերէնը այն հազուագիւտ լեզուներէն էր եւ է, որ երրորդ դէմքերուն համար ունեցած է երկուքական դերանուն՝ ան-ինք, անոնք-իրենք:
Առաջինին հոլովական յարացոյցը կու տայ՝
ան-զայն-անոր-անոր-անկէ-անով ..... ինք-զինք-իր-իրեն-իրմէ-իրմով
Աստուածային պարգեւ մըն է այս ուղղակի, երբ նկատի կ’առնենք, որ լեզու կայ, օրինակ` լատիներէնը, որ գ. դէմքի ոչ մէկ դերանուն ունի, իսկ թէ կա՞յ ուրիշ լեզու մըն ալ, որ մերինին պէս օժտուած է զոյգ դերանունով,− այդ ալ ես չեմ գիտեր:
Այս պարգեւը սակայն մեծ պարտք մը կը դնէ հայերէն խօսողի ուսերուն. այն է ՝ ճիշդ գործածել ու ճիշդ տնտեսել ասոնք: Այլապաէս... պարգեւը կը դառնայ լեզուական խառան ու խայտառակութիւն, որ ահաւասիկ:
Լեզուն կը պահանջէ, որ նոյն նախադասութեան, պարզ կամ բարդ, ծիրէն ներս ենթական բնորոշուի ինք դերանունի յարացոյցով, իսկ ենթակայէն տարբեր անձը՝ ան դերանունի յարացոյցով. ահա այս պահանջն է, որ չի յարգեր մեր հայագէտը:
«Մանսուր ստանձնեց իր պաշտօնը»՝ բառացի կը նշանակէ՝ Մանսուր ենթական իր սեփական պաշտօնը ստանձնեց, մինչդեռ Մանսուրի ստանձնածը՝ գործելէ դադրած Ռիատ Սալամէի պաշտօնն է, այն է՝ Կեդրոնական դրամատան տնօրէնի պաշտօնը:
Այլ խօսքով՝ Ռիատ Սալամէ հեռացաւ իր պաշտօնէն, եւ Մանսուր ստանձնեց անոր՝ Սալամէի պաշտօնը, եւ ոչ թէ... իր սեփական պաշտօնը, ինչպէս կը թելադրէ մեր ներհուն հայագէտը:
Թերեւս մտածէք, որ այսուհանդերձ... ամէն բան հասկնալի էր:
Այո, հասկնալի էր, որովհետեւ այլապէս իրազեկ էիք իրերու դրուածքին:
Այլապէս, «Մանսուր ստանձնեց իր պաշտօնը» նախադասութիւնը պիտի այնքան անհեթեթ ու առեղծուածային թուէր, որքան եթէ կարդայիք «Մանսուր ստանձնեց իր կնիկը»:
Մրցոյթ 136.
***Հետեւեալին չորս յոգնակիներէն երկուքը աւելորդ են. սրբագրէ՛ զանոնք:
---Նախագահը նամակ ուղարկած է շարք մը երկիրներու խորհրդարանի խօսնակներուն:
***Վերաշարադրէ արեմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Սրբազանը խանդավառ ուղղուեցաւ դէպի մանուկներու նորակառոյց խաղավայրը:
---Տարուէ-տարի մասնակից կրթական հաստատութիւններուն թիւը կ'աւելնայ:
*** Մի՛այն ընդգէ հետեւեալներուն աւելորդ բառերը.
---Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ուշինկթընի՝ լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր օժանդակութեան համար:
---Հանդիպումի ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու իմաստով:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Վահէ Աբէլեան (10), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան(8), Գեղամ Խաչատրեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Գէորգ Եազըճեան (8), Եփրեմ Թոքճեան(9), Մարք Շիրին (9), Գրիգոր Սիմոնեան(10):
Մրցոյթ 137.
*** Լրացո՛ւր ասոյթները:
---Մեղրին անուշութիւնը չի կրնար դարմանել մեղուին . . . . . . . . . :
***Զետեղէ՛ հետեւեալ բառերը՝ այս, երկու, ընկերութեան, սնանկացած.
---Ամերիկեան . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . պաշտօնեաները:
***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարնրը.
--- Շահած դրամը բաւարար չէ օրուան ընթացիկ ծախքերը ծածկելու:
---Հանդիպումին մեկնութիւնը այդ էր, որ Ֆրենժիէ մեր միակ թեկնածուն է:
---Կարգ մը մասնաճիւղեր իրենց ճաշարանին նաեւ պատերը վարդագոյն ներկեցին:
Արմենակ Եղիայեան