image

Հայերէնը կը զուարճանայ (137)

Հայերէնը կը զուարճանայ (137)

  1.Կ’ուզեմ դէմս ելլող առաջին հայուն յայտնել հրճուանքս, որ    անզսպելի է.  այսօր ճանչ-ցայ  հրաշալի բառ մը՝  հազար օրհնելով զայն հնարող հայը:

--մահճասեղան բառն է այդ,

Որուն առաջին անգամն է կը հանդիպիմ: Թարգմանութիւնն է  ֆրանսերէն table de nuit-ին, այն փոքրիկ սեղանին, որ կը գտնուի մահճակալիդ սնարին կից: 

Որքա՜ն գեղեցիկ է ան, որքա՜ ն հայեցի  ու որքա՜ն   բարեհունչ:

Զայն կիրարկողն է Արազ Գոճայեանը, որ թերեւս նաեւ հնարողն է զայն  («Ակօս»,  թիւ 1406, էջ   8):

Ամէն պարագայի  շնորհակալ եմ բախտիս, որ հանդիպեցայ նման բառի մը:

Երախտապարտ եմ զայն հնարողին ալ:

2. «Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց տարիներ առաջ լոյս տեսած հատորս, զոր կը կարծէի վերջին օրինակն ալ անհետացած է» (Պօղոս Գուբելեան, «Հայրենիք», 19/7/2023):

Աչքիդ չես հաւատար,  որ տասնամեակներու փորձառութիւն ունեցող գրող մը հանդէս գայ այսքան համբակ  նախադասութեամբ մը: Կեանքին մէջ պատահաբար հայերէն խօսողին ու պատահաբար հայերէն գրողին թոյլատրելի է նման լղրճուկ  մը, որ կ’արգիլէ մտածումդ ճիշդ շարադրել.  սակայն ոչ այս պարագային ու այս տարողութեամբ:

Այս այլանդակութիւնը մտածուած էր, կը կարծեմ, ունենալ հետեւեալ կառոյցը.

--«Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց տարիներ առաջ լոյս տեսած հատորս, որուն վերջին օրինակն ալ անհետացած է՝ կը կարծէի»:

Իսկ քիչ մը աւելի վերամբարձ ոճով՝ 

--«Յանկարծ  ուշադրութիւնս   գրաւեց   տարիներ առաջ լոյս տեսած հատորս, որուն, − կը կարծէի թէ,− անհետացած է վերջին հատորն ալ:

3. Երկրաշարժադիմացկունութիւն

Կրցա՞ք կարդալ այս բառը... ուրեմն ընդունեցէք իմ շնորհաւորանքներս, քանզի ինքս բաւական դժուարութիւն ունեցայ զայն կարդալու, աւելի մեծ դժուարութիւն ունեցայ եւ ունիմ զայն... յիշելու: Այո՜, բարեկամ, կարդալը չի բաւեր, դեռ պէտք է յիշել զայն՝ հասնելու համար բառագիտական այն մակարդակին, ուր կը գտնուի «Մարմարա»-ն, որուն կը պատկանի այս բառին  յղացքը,   սաղմնաւորումը, ծնունդն ու կիրարկութիւնը: 

Եւ «Մարմարա»-ն պիտի չըլլար անոր  նախաձեռնող հեղինակը, հապա  ո՞վ կ’ուզէիք որ ըլլար...թէեւ  պոլսահայ միւս թերթերը այնքան ալ ետ չեն մնար  իրմէ:

Այսքանը, սակայն, շքադրամին դիմերեսն է միայն, կայ անոր դարձերեսը եւս:

                                                              *    *   *

Իսկ ի՞նչ կ’ուզէինք, որ ընէր  «Մարմարա»-ն, երբ ան պէտք զգացած է թարգմանել եւրոպական լեզուներու antisismic կամ antisismique հասկացութիւնը, որուն շատ կ’ակնարկուի ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս եւ որուն ոչ մէկ բառ յատկացուած է մեր բառարաններէն եւ ոչ մէկուն մէջ՝ ո՛չ արեւելահայ, ո՛չ արեւմտահայ:

Եւ «Մարմարա»-ն եղած է առաջինը, որ հոգացած է նման բաց մը. այլ հարց թէ... ստացուած կառոյցը վանողական է, ըստ այնմ ալ՝ անկենսունակ: Նման բառ մը չի կրնար  հետեւորդ ունենալ եւ հաստատուիլ հայերէնի  մէջ, նոյնիսկ ... արեւելահայերէնի: 

Անշուշտ կարելի է զարմանքով հարց տալ, թէ հապա ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս մեր լեզուն, իմա՝ զայն կիրարկողները, թարգմանած են վերոյիշեալ հասկացութիւնը, ըսենք, օրինակ, մեր թերթերը, ի՞նչ բառամթերք գործածած են: 

Հետաքրքրական է, չէ՞... 

Յաջորդ թերացողները եղած են բառարանագիրները:

Թերեւս մտածէք, որ բառարանագիրին  պարտականութեան մաս չի կազմեր բառ հնարել: Կրնայ տեսականօրէն ճիշդ ըլլալ այդ, սակայն հայ իրականութեան մէջ այդպէս չէ, գէթ այդպէս չէ եղած օրին.  «Չկայ մի բառարան, որի հեղինակը պարտաւորուած չլինի կազմելու  նորակերտ  հայերէն բառեր»,− կը գրէ Հրաչեայ Աճառեան (ՀԼ պատմութիւն, Բ., էջ 482)` ի մտի ունենալով 19-րդ դարու հայ ու մասնաւորաբար արեւմտահայ իրականութիւնը: Եւ ոչ միայն բառարանագիրները, ան նոյնհետայն կը յիշատակէ  տակաւին  թարգմանիչներն ու լրագրողները: Ասոնք բոլորը բառ կը ստեղծէին ու լեզու կը կերտէին:

Ան կի յիշատակէ մասնաւորաբար Տեմիրճիպաշեանը, որ մինչեւ  հազաար բառ հնարած  է իր բառարանի ծիրէն ներս: Բոլորը ըրած են նոյն բանը՝ քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս:  

Նոյնը չենք կրնար ըսել մեր նորագոյն բառարանագիրներուն համար, որոնք սովորաբար գոհացած են նախորդներու ընդօրինակութեամբ եւ այնքան ալ հետամուտ եղած չեն  լրացնելու անոնց պակասները. Եւ այս՝ ոչ միայն նոր հասկացութեանց թարգմանութեան մէջ, այլեւ  անցեալի բառամաթերքի  իւրացման մէջ:

Վերջերս հաւանաբար 50-րդ անգամը ըլլալով կը կարդայի Գ. Զոհրապի «Մամայիդ բարեւ ըրէ» պատմուածքը, որուն մէջ կը գտնեմ «վաղափուլ երջապկութիւն» բառակապակցու-թիւնը: Այնքան պարզ, այնքան դիւրըմբռնելի, այնքան թելադրական:

Եւ ահա  չես գիտեր ո՛ր սատանայէն դրդուած, ուզեցի գիտնալ, թէ մեր բառարանները տեղ տուա՞ծ են արդեօք  վաղափուլ-ին. եւ զարմանքով նկատեցի, որ  անոնց  ոչ մէկուն մէջ մտած է ան: «Մեր» ըսելով՝ ես կը հասկնամ Գայայեանը, Ճիզմեճեանը, Տէր Խաչատուրեանը,  Կռանեանը եւ... Գնել արք. Ճերեճեանը :

Որոնք բառարան գրելու եւ բառահաւաք  ընելու առթիւ ոչ իսկ Զոհրապ կարդացած են, գէթ անոր կարգ մը հանրածանօթ պատմուածքները : Ալ ո՞ւր մնաց, որ հետամուտ ըլլային    նոր բառեր հնարելու եւ հասնէին antisismic-ին, որ յարաբերբար նոր հասկացութիւն է՝ ըլլալով նոր գիտութեան մը արտայայտիչը:

Այդ փորձը միակ ընողը եղած է «Մարմարա»-ն...

                                                                             *   *   *

Շարժում հասկացութեան համար հայերէնը ունի հետեւեալ արմատները՝

--շարժ, ժաժ, ճօճ

Շարժել-շարժիլ, ժաժել-ժաժիլ, ճօճել-ճօճիլ համապատասխան բայերով: 

Իսկ եւրոպական anti բաղադրիչին համար ունինք հակա  եւ արգել արմատները, բայց նաեւ պաշտպան-ը: Ասոնք, գէթ տեսականօրէն,  մեզի կը տրամադրեն՝

-