1. Ի՞նչ կը մտածէք մեր թերթերէն մէկուն հետեւեալ խորագիրին մասին.
«Սեւ տուրմին եօթը անհամար բարիքները»:
Տրամաբանական կը գտնէ՞ք զայն եւ պիտի ուզէի՞ք ստորագրել անոր տակ:
Ես պիտի չստորագրէի, եւ ահա թէ ինչո՛ւ:
Եօթը ծանօթ քանակութիւն մը արտայատող թիւին կից տրամաբանական չէ աւելցնել անհամար ածականը, որ կը նշէ բոլորովին անորոշ քանակութիւն մը: Հայերէնը «անհամար» ածականը կը գործածէ հոն, ուր անով բնորոշուող առարկաները կա՛մ կարելի չէ համրել, կա՛մ տեղիք չկայ համրելու, այսինքն՝ կարեւոր չէ:
Միւս կողմէ ՝ կայ անհամապատասխանութիւն մը, անհամատեղելիութիւն մը եօթը թիւին ու անհամար ածականին միջեւ. եօթը-ն վերջին հաշուով համեստ քանակութիւն մըն է, որ մարդ ակնթարթային կեդրոնացումով մը կրնայ ... համրել. եօթը տղայ, եօթը ձուկ, եօթը տող ... ասոնք առաջին ակնարկով իսկ տեսանելի ու համարելի են որեւէ մէկուն համար, այլ խօսքով՝ որեւէ անհամար-ութիւն չկայ այստեղ, ամէն ինչ համարելի է:
Սակայն եթէ եօթին փոխարէն եօթանասուն հազար ալ ըլլային այդ բարիքները, դա՛րձեալ անտեղի պիտի ըլլար անոր վրայ աւելցնել անհամար ածականը. եւ այս՝ ա՛յն պատճառով, որ եօթանասուն հազարը ծանօթ ու իմանալի քանակութիւն է, մինչ անհամար-ով կը բնորոշենք անծանօթ, անիմանալի քանակութիւնները:
2. Մտածենք նաեւ հետեւեալին մասին.
«Միացեալ Նահանգներ պիտի օգնեն Ուքրանիոյ՝ վերադարձնելու գրաւեալ տարածքները»:
Կը կարծեմ, թէ բոլորդ ալ հասկցաք նախադասութեան միտք բանին:
Այնքան պարզ է ան:
Այո, բայց այդ հասկացողութիւնը կը պարտիք աշխարհի ներկայ դրուածքին ու այնտեղ ընթացող այլապէս ծանօթ անցուդարձերուն. տեղի ունեցող պատերազմին, պատերազմող կողմերու ինքնութեան, մարտադաշտի վրայ իւրաքանչիւրի կատարած տեղաշարժին՝ յառաջընթացին ու յետընթացին եւ...եւ...եւ... այս բոլորը դուք արդէն գիտէք, երբ կը կարդաք այս նախադասութիւնը:
Որ, սակայն, ձեր կարծածին չափ ալ...յստակ չէ:
Վերստին կարդացէք զայն...կուսական աչքերով, tabula rasa ընելով ձեր գիտելիքներուն, եւ այն ատեն պիտի անդրադառնաք, թէ երկդիմի ու շփոթ միտք մը արտայայտուած է այստեղ, այո, ոչինչ ըսող, երկդիմի, բոլորովին իրարու հակասող միտքեր՝ եթէ կ’ուզէք:
Ահա թէ ինչու.
Վերադարձնել ունի երկու հիմնական նշանակութիւն.
--ստացուած բան մը տանիլ ու յանձնել զայն քեզի տուողին,
--երթալ ու քու տիրութեանդ բերել քեզմէ առնուած բան մը:
Արդ, ըստ այս նախադասութեան՝ ճիշդ ի՞նչ պիտի ընէ Ուքրանիան.
Մի՛ մոռնաք, ձեր մտքէն հեռացուցած էք ձեր ունեցած բոլոր ծանօթութիւնները, եւ նման մտքով մը պիտի պատասխանէք. եթէ յաջողեցաք, ապա այդ պատասխանը բնաւ ալ յստակ չէ:
--Ուքրանիան իր յափշտակած հողե՞րը պիտի վերադարձնէ,
--Թէ՞ իր կորսնցուցած հողերուն պիտի վերատիրանայ:
* * *
Այսպիսի շատ բաներ կան, որ մենք «կը հասկնանք» առաջին ակնարկով. օրինակ՝
--Կատուն մուկ մը կերաւ:
Պիտի ըսէք, որ մանուկն ալ կը հասկնայ նման միտքը:
Այո, բայց կը հասկանայ, կը հասկնանք՝ ըստ դրուածքի, եւ ոչ թէ շատ խելացի ըլլալնուս: Արդարեւ, երբ խնդրոյ առարկայ են մուկ մը, կատու մը եւ ուտելու գործողութիւնը, ապա մէկ եւ միայն մէկ հաւանականութիւն կայ. ուտողը պիտի ըլլայ կատուն: Շատ պարզ է:
Մինչդեռ քերականօրէն բնաւ ալ յստակ չէ, թէ ո՞վ կերած է զո՞վ, քանի կատուն եւ մուկը ունին նոյն կառոյցը, այսինքն՝ նոյն հոլովը. չկայ ձեւաբանական որեւէ տուեալ, որով զանազանուի գործող ենթական եւ կրող խնդիրը:
Գրաբարը քերականօրէն կը զանազանէր ուտողն ու ուտուողը:
«Կատու (ե)կեր զմուկ»:
Ուր՝ կատու ենթական ունի իր ուրոյն ձեւը, եւ զմուկ ուղիղ խնդիրը ունի ի՛րը:
Մինչ աշխարհաբարի մէջ ենթական եւ ուղիղ խնդիրը ունին քերականական նոյն ձեւաւորումը: Ուստի աշխարհաբար խօսողը զրկուած է քերականութեան նպաստէն եւ ստիպուած է հիմնուելու նախադասութեան իմաստին վրայ, այն հաշիւին վրայ, թէ միայն կատուն կրնայ ուտող ըլլալ եւ միայն մուկը կրնայ ուտուողը ըլլալ:
Իսկ եթէ ենթական եւ խնդիրը հաւասարապէս ընդունակ ըլլային ուտելու հակառակորդը, ճիշդ ինչպէս պատերազմի դաշտին վրայ զիրար հաւասարապէս ընդունակ են սպաննելու երկու կռուող կողմերը, մի՞թէ բերուած կառոյցը պիտի յաջողէր ճիշդ լուսաբանել մեզ, թելադրէր ուտողն ու ուտուողը:
Կը կարծեմ, թէ ո՛չ:
Ահա օրինակ մը.
--Թորոսը ապտակեց Մարկոսը:
Կարելի՞ է վստահ հաստատել, թէ ո՞վ է ապտակողը եւ ո՞վ է ապտակուողը:
Այստեղ մեզի քիչ մը կ’օգնէ բառերուն շարադասութիւնը. աշխարհաբարը արեւմտեան լեզուներու հետեւողութեամբ որոշ չափով այնպէս ձեւաւորած է մեր լեզուամտածողութիւնը, որ նախադասութեան առաջին անդամը ընկալենք իբրեւ ենթակայ, իսկ վերջինը՝ իբրեւ խնդիր:
Ճիշդ ինչպէս՝
--The cat has eaten the mouse. Toros has slapped Margos.
--Le chat a mangé la souris. Toros a giflé Margos.
Հոլով չունեցող լեզուներու կացութիւնն է այս. թէեւ հայերէնը հոլով ունի, սակայն ահա աշխարհաբարը չի զանազաներ ենթակայի եւ կրող խնդիրի հոլովները, ինչ որ համազօր է հոլով չունենալու այս նեղ սահմաններուն մէջ:
Խախտե՛նք շարադասութիւնը.
--Թորոսը Մարկոսը ապտակեց:
Այս նոր շարադասութեամբ՝ մենք այլեւս չենք կրնար բոլորովին ինքնավստահ վճռել, թէ ո՛վ է ապտակողը եւ ո՛վ է ապտակուողը:
Աւելի մեծ շփոթ պիտի յառաջանայ հարցական երանգով.
--Թորոսը Մարկո՞սը ապտակեց:
Այս շփոթները բառնալու լաւագոյն միջոցն է անորոշ ենթակայ/որոշեալ ուղիղ խնդիր կաղապարը, որուն հասած է աշխարհաբարը. օրինակ՝
--Թորոս ապտակեց Մարկոսը:
--Թորոս Մարկոսը ապտակեց:
Ուր այլեւս ոչ մէկ շփոթ կը մնայ: Այդ շփոթը փարատողը քերականութիւնը չէր, այլ շարադասութիւնը՝ բառերու նախադասութեան մէջ գրաւած կարգը:
Ըստ այսմ՝ լաւագոյնը առաջինն է, երկրորդը լայնօրէն ընդունելի է:
Մրցոյթ 130.
***Վերաշարադասէ հետեւեալները՝ առանց որեւէ բառ փոխելու, աւելցնելու կամ պակսեցնելու.
---Պէտք է վերադասաւորել դրամատուներուն համակարգը եւ քաջալերել Լիբանանի մէջ օտար նեդրումները(«Ազդակ»):
---Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու, ինչպէս նաեւ ապահովելու զարթօնքը անոր հաստատութիւններուն (անդ):
---Քաղաքական տարակարծութիւնը պէտք չէ շեղէ մեր ուշադրութիւնը Իսրայէլի թշնամի ըլլալու իրողութենէն (անդ):
***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Չենք ուզեր որ իրենց կամքը պարտադրեն մեզի:
---Սակայն այսօր պետութիւնը իւրացուած է Հզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ անոնց մեղսակիցներուն կողմէ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան (7), Գէորգ Եազըճեան(8), Ցոլակ Ապտալեան (10),Գեղամ Խաչատրեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Համբարձում Յարթունեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ131.
***Վերաշարադրէ աեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Օտարները աւելի լուրջ թղթածրարներ ունին լուծելիք, քան լիբանանեան թղթածրարը:
---Անոնք սկսան մարզել բանակը՝ անոր արհեստագիտութունը բարձրացնելու համար:
---Իրանի դէմ պատժամիջոցները Ռուսիոյ անօդաչու սարքերով օգնելուն եւ Սուրիոյ հակաօդային համակարգ հաստատելու համար են:
---Եռաբլուրի մէջ ամփոփուած են նաեւ աճիւնները 19-րդ դարու հայ ազգային նահաակներու:
---Պայթումը տեղի ունեցած է պանդոկի մը մօտ. թիրախը ըլլալով ինքնաշարժ մը:
Արմենակ Եղիայեան