1. ՀԲԸՄ-ն ալ ... հայերէն կը գրէ:
Վկայ՝ «Զարթօնք»-ի 13/7/23-ի ցաւակցագիրը:
Ուր կը գտնենք՝
-- Դոկտ. Րիչըրտ Յովհաննիսեան
Ամբողջ սփիւռքը, ներառեալ Հայաստանը, միահամուռ գրեց Ռիչըրտ՝ ռ-ով, ինչպէս կը պահանջէ տարրական հայերէնի գրադարձական տարրական կանոնը, միայն ՀԲԸՄ-ն է, որ գրեց...Րիչըրտ:
-- Յարգանք ներշնչած են հայերու մօտ:
Յարգանքի ներշնչումը կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր մը՝ «յարգանք ներշնչած են հայերուն», եւ մի՛այն հայերուն:
Այսինքն՝ մօտ կոչուած պոչին պէտք չունի:
-- յետ-Ցեղասպանական
Հայերէնը այսպիսի այլանդակ ու յերիւրածոյ կառոյց չէ ունեցած:
Նախ եւ առաջ յետ ածանցը չի կրնար անջատ գրուիլ բառէն. բառէն անջատ գրուող ածանց չունի հայերէնը:
Նախածանց ունեցող բառին հիմնական բաղադրիչը չի գլխագրուիր, նոյնիսկ եթէ յատուկ անուն է ան. ուրեմն՝ թէկուզ Ցեղասպանութիւն կամ Եղեռն, սակայն՝
--յետցեղասպանական
--յետեղեռնեան
Այլեւ՝
--յետլենինեան
--յետսթալինեան
--յետ հանրապետական
--յետսահմանադրական
-- Վերապրողներու սերունդը նախաձեռնեց իրենց ճիգին...
Նախաձեռնողը սերունդ գոյականն է, որ եզակի է. ուրեմն՝ իր եւ ոչ թէ իրենց:
Սերունդ եւ նմանները՝ բանակ, ժողովուրդ, ամբոխ, լսարան հաւաքական անուններ են, այսինքն՝ կը նշեն բազմաթիւ միաւորներու ամբողջութիւն մը, սակայն քերականօրէն եզակի են. ուրեմն այս վերջին յատկութիւնն է, որ նկատի կ’առնուի եւ ոչ թէ նշանակութիւնը. օրինակ՝ «Բանակը կը յարձակի»,− եզակի, եւ ոչ թէ կը յարձակին, թէկուզ յարձակողները մեծաթիւ ըլլան:
--յետագայ սերունդներուն
Հայերէնը յետագայ բառ՝ յ-ով չունի. կրնաք այս ըսուածը հաստատել «Նոր հայկազեան»-էն, որ մեր բառագանձին հարազատ շտեմարանն է: Եթէ հանդիպիք արդի բառարանագիրի մը, որ յետագայ կը գրէ՝ յ-ով, ապա պէտք է այդ վերագրել անոր տգիտութեան, վասնզի միշտ չէ որ բառարանագիրը իմաստուն է, կայ տգէտն ալ:
Ըսել կ’ուզեմ՝ կան տգէտներն ալ:
--Խորազգաց վշտակցութիւն
Բառը խորազգած է:
Զգածիլ կը նշանակէ իր վրայ, մէջը, շուրջը կրել (կրել զիւրեւ), համակուիլ:
Ցաւակցողը ենթադրուած է իր կարգին համակուած ըլլալ սգաւորին ցաւով, վիշտով: Գէթ այդպէս կը յայտարարէ` ընդառաջելով կենցաղավարութեան չգրուած օրէնքներուն:
--ՀԲԸՄ վշտակցութիւնը կը փոխանցէ Յովհաննիսեան Ընտանիքին:
Վշտակցութիւնը աղաման չէ, որ ձախիդ նստող սեղանակիցէդ առնես եւ աջիդ նստողին փոխանցես: Վշտակցութիւնը պարզ ու մեկին... կը յայտնեն:
Ընտանիք բառը գլխագրելու պէտք չկայ, այսինքն՝ սխալ է գլախագրել:
Ուրեմն՝ գոհանանք «մեր վշտակցութիւնը յայտնելով Յովհաննիսեան ընտանիքին»՝ կիրթ ու պատշաճ հայերէնով մը՝ առանց յաւելեալ ծեքծեքումներու եւ... քերականական սխալներու:
Ընթացիկ ցաւակցագիր մը գրելու կամ յղելու առթիւ պէ՞տք է ՀԲԸՄ-ը այսքան սխալներ գործէր:
Մտածելու առիթ է:
Ընթերցողները վստահաբար կը յիշեն այն ժամանակները, ուր ՀԲԸՄ աւելի խնամուած հայերէնով հրապարակ կու գար: Շատ պիտի ցաւէինք, եթէ հարկադրուած ըլլայինք Աբիսողոմ աղայի բանաստեղծին պէս ըսելու.
--«Անցա՜ն, անցա՜ն այն ժամանակները»:
* * *
2. Արդիւնք եւ հետեւանք
--Կրնան ժխտական անբաղձալի արդիւնքներ ունենալ («Զարթօնք»):
Որեւէ երեւոյթ որ «ժխտական ու անբաղձալի» է, այլեւս կը դադրի արդիւնք կոչուելէ ու կը վերածուի հետեւանք-ի: Ուրեմն մեր միտքը պարտինք ձեւաւորել հետեւեալ կաղապարով. «Կրնան հետեւանքներ ունենալ»:
--Ո՞րն է ճիշդը (անդ).
***Ընդհանրական շահերը գերադաս համարել խնամիական շահերէն:
***Հայրենիքի շահերը գերադաս համարել կուսակցական շահերուն:
Ճիշդը առաջինն է. գերադաս ածականը, այնպէս ալ հականիշը՝ ստորադաս-ը, կը պահանջեն բացառական հոլով խնդիր, այսինքն՝ շահերէն. օրինակ՝ «Պարտինք ազգին շահերը գերադաս նկատել անձական շահերէն»,− անշուշտ եթէ... կարենանք:
--Մեր վրայ կարծիք պարտադրել մերժուած է («Ազդակ»):
Կը պարտադրենք մէկուն կամ բանի մը. վրայ յետադրութիւնը աւելորդ է:
Մրցոյթ 128.
***Զոյգ գծիկները`--, փոխարինէ եւ/ու շաղկապներով:
---Օր մը աղուէսն ու արագիլը իրարու հանդիպեցան եւ որոշեցին միասնաբար ճաշակել այգիին հասուն ու համեղ խաղողները:
***Վերաշարադրէ ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Մենք չենք կրնար շռայլել մեր տարիները անմիաբանութեամբ անցընելու պերճանքը:
---Լիբանանեան տագնապին լուծում կարելի է ապահովել միայն երկխօսութեամբ:
---Ընկերութիւնները կը յորդորեն անձնակազմերը, որ կարդան Աստուածաշունչը:
---Ատրպեյճանի գործողութիւնները ճիշդ ապացոյց են, որ Արցախ կանգնած է ցեղասպանութեան առջեւ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Շաքէ Գրոկան (7), Լիւսի Տէօքմեճեան(8), Ցոլակ Ապտալեան(4), Գեղամ Խաչատրեան (7), Համբարձում Յարթունեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (8), Վահէ Աբէլեան (7), Լեւոն Շառոյեան (5), Գէորգ Եազըճեան(9) :
Մրցոյթ 129.
***Շեշտ եւ ստորակէտ աւելցուր հոն ուր պէտք է.
---Այդ ապակին կոտրած էր կամ Թորոսը կամ Մարկոսը կամ Կիրակոսը:
Այդ ապակին կոտրած էր Թորոսը կամ Մարկոսը կամ Կիրակոսը:
***Կէտերը փոխարինէ առողջարար, առողջական, առողջապահական բառերով:
---Շրջանի .......... պայմանները շատ թերի են:
Բոլորը միահամուռ գովեցին տեղւոյն .......... կլիման:
Տնօրէնը ..........պաճառներով ստիպուեցաւ բացակայիլ
***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Մինչեւ ուշ գիշեր տակաւին յայտնի չէր, եթէ փակումը մասնակի էր, թէ ամբողջական:
---Գերմանական ոստիկանութիւնը իսկոյն ձերբակալեց Թեհլիրեանը ու դատուեցաւ:
---Թրքագէտը չբացառեց փորձագէտներուն մօտ շրջանառուող ծանօթ տեսակէտը:
Արմենակ Եղիայեան