1. Մերին Պոլիսը
Այո, ուշ-ուշ կը խօսինք անոր մասին, սակայն ան միշտ ներկայ է մեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, մինչ մեր սրտերը կը թրթռան իր լարերով, եւ ինչպէ՜ս չթրթռան. ան միշտ ձեւը կը գտնէ թրթռացնլու զանոնք.
ա) իր ուրոյն ոճերով. օրինակ՝
--Էրտողան եւ Փաշինեան շփուեցան գագաթի վրայ... :
Ուր սփիւռքահայը իր տափակ ոճով պիտի ըսէր «բարձրագոյն մակարդակի վրայ»:
--Միջազգային ընտանիքի ուշադրութենէն չսպրդեցաւ հայկական կողմի քայլը...:
Ուր նոյն սփիւռքահայը իր նոյն տափակ ոճով պիտի ըսէր չվրիպեցաւ:
--Երգչուհին բեմ պիտի առնէ Իսթանպուլի մէջ:
Իսկ մեր գիտցած երգչուհին բեմ կ’ելլէ կամ հանդէս կու գայ:
--Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ապրուեցան որոշ վերիվայրումներ:
Այստեղ վերիվայրումը...կ’ապրուի, մերոնց համար ան տեղի կ’ունենանայ , կը պատահի, կը կրէ:
բ) իր զուարթ պէսպիսութեամբ. օրինակ՝
--Ակօս Ռէճէփ փոխ նախագահ Ալիեւ
--Ժամանակ Ռեճեփ փոխ-նախագահ Ալիեւ
--Մարմարա Րէճէպ փոխ-նախագահ Ալիյեւ
Ծանօթ.−Այստեղ առիթէն օգտուելով կ’ուզեմ բացատրել տառադարձական հասարակ սկզբունք մը՝ հիմնուելով Թուրքիոյ նախագահի անունին վրայ, որ Recep է: Այս անունը արեւմտահայ արտասանութեամբ կու տայ Ռեճեփ, արեւելահայ արտասանութեամբ կու տայ Ռեջեպ: «Մարմարա» այս երկուքը խառնած է՝ արեւմտահաերէնէն առած է «ճ», արեւելահայերէնէն առած է «պ», այլ խօսքով՝ կատարեալ խառնապուր մը: Եթէ ի մտի ունենանք, որ հայերէնը կը մերժէ բառասկիզբի Ր տառը, միւս կողմէ սխալ է լատինական e տառը տառադարձել «է», քանի ան համարժէք է մեր «ե»-ին, ապա ի յայտ կու գայ, որ այս տառադարձութեան մէջ ոչ մէկ ճիշդ տարր կայ. ամէն ինչ սխալ է: Ռոպեր Հատտէճեանի հարիւրամեայ վաստակին մէկ հարազատ պատկերն է այս. այսինքն՝ այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կարելի է հարիւր տարի սխալ գրել եւ...ոչինչ սորվիլ կամ սրբագրել: Նման սխրանքը միայն պոլսահայը կրնայ իրագործել եւ... օրինակ դառնալ մերոնց եւս. անուն չտամ, կը ճանչնաք:
գ) իր ...«Մարմարա»-ով
Ռոպեր Հատտէճեանով պիտի ըսէի,-- եւ անշուշտ սխալ մը գործած չէի ըլլար,-- բայց ահա անոր տեղը եկած է զաւակը՝ Արա Հատտէճեանը, որ հաւատարիմ ու անշեղ կը քալէ հօրը գծած ուղիէն, իսկ այդ ուղին... այդ ուղին ծածկուած է սուրսայր փուշերովով ու տատասկով անոնց համար, որոնք օրինական հայերէն կը փնտռեն:
Տանք օրինակներ.
--Ամբողջ աշխարհի մէջ միակն է, որ կը գրէ Ալիյեւ՝ յ-ով, թուրքերուն պէս, որոնք կը գրեն Aliyev. մնացեալ բոլորը, հրեայ թէ հեթանոս, բոլորը կը գրեն Ալիեւ հայեցի ոճով:
--Կը շարունակէ գրել 1.5 փոխանակ 1,5 գրելու, այնպէս ալ 120,000՝ ամերիկացիներուն պէս, փոխանակ 120.000 գրելու՝ հայու պէս:
Այլ խօսքով՝ գրած է 1.5 եւ 120,000 փոխանակ գրելու 1,5 եւ 120.000 :
--Ի՞նչպիսի... կը շեշտէ առաջին ձայնաւորը...թուրքի պէս՝ նա՞սըլ, փոխանակ շեշտելու հայու պէս՝ ինչպիսի՞:
--Կը գրէ. «Նորին ամենապատւութիւնը, ողջունեց աշակերտները»,− ինչո՞ւ ստորակէտ կը դնէ՝ միայն ինք գիտէ:
Ո՛չ, պարզապէս չի՛ գիտեր,− գրչեղբայրներուն՝ Պարոյր Աղպաշեանի եւ Համբիկ Մարտիրոսեանի պէս,− որ ենթական եւ դիմաւոր բայը չե՛ն տրոհուիր:
--Ունի իր ուրոյն հետաքրքրութիւնը եւ կը գրէ. «Պատրիարք հայրը հետաքրքրուած է իրենց հետ»,− ուր սովորական հայը պիտի ըսէր՝ իրենցմով. վասնզի հայերէնը կը հետաքրքրուի բանով մը եւ ոչ թէ բանի մը հետ:
Ռոպեր Հատտէճեան իր կեանքի առաջին հարիւրամեակին 100 գիրք գրած է այս հայերէնով:
Որոշած է երկրորդ հարիւրամեակին գրել 100 հատ եւս... տունէն, առանց խմբագրատուն իջնելու:
Հիմա զաւակն է, որ ձեռք առած է «Մարմարա»-ի լուսաւորութեան անմար ջահը:
2. Զբաղեցնել
Եթէ զբաղիլ չէզոք բայը վեր ի վարոյ նոյն նշանակութիւնը ունի մեր երկու բարբաներուն մէջ, ապա ասոնց ներգործականը կամ անցողականաը՝ զբաղեցնել, զգալիօրէն երկփեղկուած է: Մինչ արեւմտահայերէնի մէջ զբաղեցնել կը նշանակէ՝ «զուարճացնել, թոյլ չտալ ձանձրանալ, ձանձրոյթը փարատել», ապա արեւելահայերէնի մէջ, այս բոլորէն բացի, ան կը նշանակէ նաեւ... գրաւել, նշանակութիւն մը, որ բոլորովին խորթ է հայեցի մտածողութեան եւ կոյր կապկումն է օտար լեզուներու, որոնցմէ կրնամ յիշատակել գոնէ ֆրանսերէնը: Արեւելահայը չի խուսափիր տեղին համեմատ օգտագործել այդ օտար բառը եւս՝ օկուպացնել:
Այո՜, մեզ արեւելահայ են ասում...
Իսկ հիմա, ահա հետզհետէ կոյր կապկումը սկսած է հասնիլ մեզի եւս. արեւմտահայ թերթ մը հանգիստ գրած է. «Այդ սրահներուն մէջ ոմանք աթոռ մը կը զբաղեցնէին միայն»,− կարծես աթոռը լալկան մանուկ մը ըլլար, որ քիչ մը ծիծիկի, քիչ մըն ալ տիտիկի պէտք ունենար... զբաղելու եւ լռելու համար: Բնաւ պիտի չզարմանամ, եթէ վաղը ուրիշ մըն ալ գրէ՝ կ’օկուբացնէին: Համբերութիւն, այդ օրն ալ կը հասնի:
Հապա՞, մեզ արեւմտահայ են ասում...
Մրցոյթ 127.
Վերաշարադրել արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
--Հոգեւոր հայրը մաղթեց, որ վարժարանը հաստատ քայլերով շարունակէ իր երթը եւ արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:
--Մենք կը փափաքինք Լիբանանի հետ ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները բոլոր մարզերու մէջ:
--Իշխանութիւնները փոխանակ զօրաշարժի ենթարկելու մեր ներուժը, կ’ընեն բոլորովին հակառակը:
--Այդ դիրքորոշումը ծայրէ-ծայր չի բխիր ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Արցախի եւ ո՛չ համայն հայ ժողովուրդի շահերէն:
--Նախագահը կ’ընէ իր կարելին մեղմացնելու համար ուքրանացիներու տառապանքը, քաջալերելով հացահատիկի ծրագիրը եւ դիւրացնելով գերիներու փոխանակումը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Ցոլակ Ապտալեան (7), Համբարձում Յարթունեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (5), Լեւոն Շառոյեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան(9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(6):
Մրցոյթ 128.
***Զոյգ գծիկները`--, փոխարինէ եւ/ու շաղկապներով:
---Օր մը աղուէսն -- արագիլը իրարու հանդիպեցան -- որոշեցին միասնաբար ճաշակել այգիին հասուն -- համեղ խաղողները:
***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Մենք չենք կրնար շռայլել մեր տարիները անմիաբանութեամբ անցընելու ճոխութիւնը:
---Լիբանանեան տագնապին լուծում կարելի պիտի չըլլայ ապահովել՝ բացի երկխօսութեամբ:
---Ընկերութիւնները կը յորդորեն անձնակազմերը, որպէսզի անոնք կրնան կարդալ Աստուածաշունչը:
---Ատրպեյճանի գործողութիւնները ճիշդ ապացոյց են այն բանին, որ Արցախ կանգնած է ցեղասպանութեան առջեւ:
Արմենակ Եղիայեան