image

Հայերէնը կը զուարճանայ (109)

Հայերէնը կը զուարճանայ (109)

«Ազդակ»-ի բարեկամներուս՝
Մշտանորոգ կարօտով, 
Ողջոյն,

Ընթացիկ՝  17-1-23-ի թիւիդ մէջ կը գտնենք՝

--«Հիմա աշխարհը կեդրոնացած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելով» (էջ 1):

Կեդրոնանալ բայը գործիական հոլով խնդիր չ’առներ, կը պահանջէ կապական լրացում մը՝ վրայ  յետադրութեամբ. « կեդրոնացած է... որդեգրելու վրայ»:

«Մեր տղան կեդրոնացած է իր աւարտաճառին վրայ»: 

Այլ խօսքով՝ կը կեդրոնանանք մէկուն կամ բանի մը վրայ: 

Վրայ-ի փոխարէն կարելի  է կիրարկել մէջ յետադրութիւնը եւս. 

«Անոր բոլոր հնարքները կեդրոնացած են իր ուղեղին մէջ»:

Արեւելահայերէնը  կը յաջողի կիրարկել ներգոյական հոլովն ալ. 

«Մեր բոլոր զօրքերը կերդրոնացել են սահմաններում»:

 

--«նէօ-օսմանեան» (էջ 3)

Նախ եւ առաջ neo բաղադրիչը գծիկով կապելու հարց չի ծագիր:

Միւս կողմէ՝ neo  լատիներէն երկվանկ է, մինչ նէօ  հայերէն միավանկ է եւ կը հնչէ neu՝ ֆրանսական  արտասանութեամբ եւ ոչինչ կը նշանակէ:

Լուծո՞մը՝ նէոօսմանեան ձեւն է: Նաեւ՝ նէոնացիստներ,  նէոտարուինական, նէոտրոցկիստներ  եւ այլն: Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէր, որ Խաժակ Տէր Ղուկասեան զիջանէր հայերէն նորօսմանեան գրել: 

 

--«Զոհերուն հարազատները ուղղուեցան  Վերտանի ոստիկանատուն» (էջ 2):

Լիբանանի մէջ՝ ընդհանրապէս, եւ Պեյրութի մէջ՝ մասնաւորաբար, Վերտան անունը կրող թաղ, թաղամաս, շրջան գոյութիւն չունի. ան գոյութիւն ունի միայն «Ազդակ»-ի աշխատակիցներուն համար: Յիշեալ թաղամասը կը կոչուի Վերտէօն՝ անունովը ֆրանսացի զօրավարի մը, որ կը կոչուէր Verdun  եւ ոչ թէ Verdan:

Այս անունին սխալ տառադարձութիւնը ասկէ առաջ ալ յանձնած եմ Ձերդ բարձր ուշադրութեան, սակայն չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ հիմամբ կ’անտեսուի ան, եթէ իրապէս հիմնաւորուած են նման վերաբերումները:

 

--Ձեր հայագէտները հետզհետէ կ’անտեսեն ուղիղ խնդիրի հայցականութիւնը՝ փոխարինելու համար զայն տրականով. օրինակներ էջ 2-էն՝ 

«Մեզի պիտի մղէ վերատեսութեան»:

«Իրարու լքելու պատրաստ չեն»:

Ուր աւանդական հայերէնի աւանդական քերակաութեամբ պարտէինք գրել՝ մեզ  եւ զիրար՝ երկուքն ալ հայցական հոլով:

 

--Չափանիշներ սխալ ձեւը՝ չափանիշեր ճիշդ ձեւին  փոխարէն դա՛րձեալ  ողողած է էջերդ՝ երկու  անգամ  առաջին էջին վրայ, մէկ անգամ ալ  երկրորդ էջին վրայ, այլ խօսքով՝ քաղաքական էջերուդ աւանդական թատերաբեմին վրայ, ուր ընթերցողներս ականատես ենք անտեղիտալի,  կատաղի ու յարատեւ պայքարի մը ընդդէմ հայերէնի տարրական կանոններուն: 

Հայերէնի այս առեղծուածային ոտնահարումը ճիշդ ո՞ւր եւ ինչի՞ պիտի յանգի,− յայտնի չէ առայժմ, եւ  կը գոհանանք ջուր ծեծելով: Իսկ այս ընթացքով, պիտի ստիպուինք  օր մը... ծունկ ծեծելու, երբ այլեւս շատ ուշ է:

 

--Երէկուան թիւիդ  երրորդ էջին մէջ («Վասն միասնական պայքարի») կը կարդանք. 

« Անիկա կը կայանար հայ ազգի գոյատեւումն ու պահանջատիրական պայքարը պայմանաւորող գաղափարական բոլոր կռուաններուն քայքայումին եւ Հայաստանի վերածումին` ապազգային համաշխարհայնացուած ապրելավայրի մը»:  

Կայանալ բայը լրացում կ’առնէ մէջ յետադրութեամբ. օրինակ՝

«Ձեր ուժը կը կայանայ  ձեր պարկեշտութեան մէջ»:

«Անոր յաջողութիւնը կը կայանայ յամառ աշխատանքին մէջ»:

«Այս ամբողջ  համաձայնութիւնը կայացաւ մէկ հանդիպումի մէջ»:

Անշուշտ բացառուած չէ մէջ-ի փոխարէն ընթացքին կամ միջոցին  հոմանիշ յետադրութիւներու կիրարկութիւնը:  Այստեղ ալ, տեղին համեմատ,   արեւելահայերէնի ներգոյական հոլովը  կրնայ փոխարինել բերուած յետադրութիւնները. օրինակ՝

«Էդ համաձայնութիւնը կայացաւ մի ժամում»: 

Բերուած կառոյցին մէջ չենք գտներ այդ յետադրութիւններէն ոչ մէկը:

--Այլուր կը կարդանք. 

«Իպրահիմ աւետեց լիբանանցիները...» (17/12/23, էջ 2):

Աւետել-ը ներգործական բայ մըն է, որ ունի զոյգ խնդրառութիւն.

ա)   մէկը՝ հայցական. 

Օրինակ՝ «Ան աւետեց բոլորիս փրկութիւնը»:

Ի՞նչ աւետեց,− փրկութիւնը՝ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր:

բ)   միւսը՝ տրական.

Օրինակ՝ «Այսու  ձեզի  կ’աւետենք ձեր յաջողութիւնը»:

Որո՞ւ կ’աւետենք,− ձեզի՝ տրական հոլով անուղղակի (յանգման) խնդիր:

Ուրեմն՝ «Իպրահիմ աւետեց լիբանանցիներուն»՝ տրական հոլով: 

                                                       *   *   *

Ինչպէս կը տեսնենք, բերուած օրինակէն կը պակսի հայցական հոլով ուղիղ խնդիրը:

Այդ ուղիղ խնդիրը ստորադաս նախադասութեան կազմով կը գտնենք շարունակութեան մէջ, որ ահաւասիկ. «Իպրահիմ աւետեց լիբանանցիներուն, որ անցագիրներու հարցը պիտի լուծուի»:

Ի՞նչ աւետեց,− որ անցագիրներու հարցը պիտի լուծուի՝  ստորադաս նախադասութիւն, ուղիղ խնդիր գլխաւոր նախադասութեան:

                                                                   *   *   *

Այստեղ ալ կը գտնենք սխալ յոգնակերտում մը՝ անցագիրները, որ պէտք է ըլլայ անցագրերը:

Երբ գիր-ը ցոյց կու տայ որեւէ գրուած իր, ապա  եր-ով կը յոգնականանայ. օրինակ՝ օրագրեր,  կալուածագրեր, թաւագրեր, ճակատագրեր, մանրագրեր, գլխագրեր  եւ այլն:

Իսկ երբ ցոյց կուտայ գրող անձ, կը յոգնականանայ ներ-ով՝ գրագիրներ, խմբագիրներ, յօդուածագիրներ, նամակագիրներ, վիպագիրներ եւ այլն: 

Հայոց փրկութիւնը միայն զէնքով չ’ըլլար, հայերէնը ճիշդ գրելը իր կարգին փրկութեան  երաշխիք մըն է:  Այս համոզումով ալ դիմագրաւենք Նոր տարին:

Եւ Տէր եղիցի ընդ Ձեզ,  ընդ ամենեսեանդ, յայսմհետէ մինչեւ յաւիտեան:

 

Մրցոյթ 102.

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալները.

--Ան  նուիրեալ աշխատանք կը  տանի  Անիի առեղծուածը բացայայտելու համար:

--Վեհափառը անոր լամբակին զետեղեց  շքանշանը՝ իբրեւ յարգանք անոր վաստակին:

--Ցոյցեր տեղի ունեցան Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ:

***Լրացու՛ր հետեւեալները.

--Սազը չի թողում, որ հայդուկ դառնամ, 

   Սուրը չի թողում, որ աշուղ դառնամ (Աւ. Իսահակեան):

--Այնքան մեծ  է  քերթողներուն թիւը, երբ կ’ապրին, իսկ այնքան պզտիկ  է, երբ կը մեռնին (Յակոբ Օշական):

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (7), Կարո Գասապեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (9), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(8), Համբբարձում Յարթունեան (5): 

Մրցոյթ 103.

***Ինչպէ՞ս կը շարադրես դուն հետեւեալները.

---Իր աշակերտներուն կողմէ շինուած խաղալիքները կը զետեղէ  գուլպաներուն մէջ: 

---Ազրպեյճանի այս անարգ քայլը միջազգային ընտանիքը պէտք է դատապարտէ:

---Ազրպեյճան արդէն ծանուցած է,  որ կը ծրագրէ լիովին գրաւել Հայաստանը: 

---Ընկերովի գացած էինք զօրավիգ կանգնելու եւ քաջալերելու տեղւոյն բնակիչները:

***Հայացնել հետեւեալին շարադասութիւնը. 

«Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահին այցելութիւնը Երեւան, քաղաքական պահի կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, ուշագրաւ դիտարկումներու եւ յիշեցումներու առիթ կու տայ»:


Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com