image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (31)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (31)

 

                

  1. Կռունկ եւ արագիլ    

Հայոց աշխարհի եւ հայ պանդուխտի  երկու սիրելիներն են ասոնք:                


IMG_256


Կռունկ                                               Արագիլ

Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ,      Իմ տան մօտ ապրի՛ր, բարի՛ արագիլ,  

Կռու՛նկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս: Բո՛յն հիւսիր ծառին, բարդու կատարին:

                                                                              *   *   *

Առաջին ակնարկով հաւանաբար քիչ մը դժուար ըլլայ պատկերի վրայ զանազանել հայուն ու Հայաստանին այնքան սիրած ու երգած այս երկու թռչունները: Մինչ Հայաստան բնակող հայուն համար շատ աւելի հեշտ է, քանի ան կ’ապրի այս երկուքին  հարեւանութեան, երբեմն ալ մտերմութեան մէջ: 

Այսուհանդերձ փորձենք:

Կռունկին վիզը աւելի նուրբ է եւ գլուխին հետ  ուղիղ անկիւն  կը ձեւացնէ:

Մինչ արագիլին վիզը աւելի թաւ է եւ գլուխին հետ սուր անկիւն կը ձեւացնէ:

Կռունկին կտուցը աւելի կարճ է արագիլի կտուցէն:

Կռունկին պոչը յարաբերաբար աւելի նուրբ է, մինչ արագիլինը աւելի թաւ է:

Երկուքն ալ բարձրասրուն են (échassier, wader), արագիլին սրունքը հաւանաբար քիչ մը աւելի երկար է, քանի ան  ճահիճներու մէջ արածելու  հակամէտ է:

Կռունկին մէջ իշխողը սեւ գոյնն է՝ սպիտակ նախշերով, մինչ արագիլին մէջ կ’իշխէ սպիտակը՝ սեւ նախշերով: Այսուհանդերձ գոյութիւն ունին սպիտակ կռունկի տեսակն ու սեւ արագիլի տեսակը եւս:

Եւ վերջապէս կռունկը հողին վրայ կը դնէ իր բոյնը եւ կը թխսէ ձուերը, մինչ արագիլը բարձունքներ կը փնտռէ՝ բարդի, աշտարակ, զանգակատուն, ելեկտրական սիւն, բուխերիկ ու ծխնելոյզ, երբեմն մինչեւ իսկ բարձրաբերձ սուր ժայռերը:

Արագիլը մարդամօտ է. բակիդ բարդիին կամ մօտակայ զանգակատան վրայ բոյն դրած արագիլը չի վարանիր բակդ իջնելու, փոքրիկներուն հետ խաղալու, մինչեւ սենեակները տանտիկինին հետ ելեւմուտ ընելու եւ օգտուելու անոր համեղ պատառներէն: Կռունկը այս մտերմութիւնը չունի: 

Ըստ այնմ  հաւանաբար ոչ մէկ երկիր ու ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան  կապուած է իր արագիլներուն, այնքան սէր ու գուրգուրանք  ցոյց կու տայ անոնց հանդէպ, որքան Հայաստանն է  ու հայն է:

Երկուքն ալ գաղթող եղած են. վերջին տարիներուն Արարատեան դաշտի ձկնարաններու  հայթայթած կերը կը մղէ, որ երբեմն  ձմեռեն Հայաստանի մէջ:

Արագիլներուն թիւը  կը պահէ որոշ կայունութիւն մը, մինչ կռունկներունը նահանջի մէջ է:

                                                                             *   *   *

Չես գիտեր ինչու, հայ պանդուխտը օտարութեան մէջ շատ աւելի կռունկին վստահած է իր սրտին գաղտնիքը, կարօտն ու ցաւը: Առ այդ ալ ան կը թախանձէ կռունկէն, որ չաճապարէ, քիչ մը աւելի մնայ իր հետ ու մտիկ ընէ զինք:

Մի՛ վազեր, երամիդ շուտով կու հասնիս,   Կանչէ՛, կռունկ, կանչէ՛, քանի արեւ է,

Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս:       Աշնան կ’երթաս երկիր, եարիս բարեւէ:

    Կռո՜ւնկ  ջան, կռո՜ւնկ ջան, արե՜ւ է,

    Ա՜խ, եարիս բարեւէ՜...

  1. Գուճ

Կը նշանակէ ծունկ, այսինքն՝ ոտքին ծալուող յօդը: Կ’ըսենք նաեւ՝ ծունր:

Ֆրանսերէն՝ genou,  անգլերէն՝ knee:

Գրաբարի մէջ շատ կենսունակ  ու  գործածական բառ մըն էր:

Այստեղ ունինք  գուճ-ով  կազմուած յարադրական շատ գեղեցիկ բայեր/ ասոյթներ, ինչպէս՝ 

--ի գուճս անկանիլ --ի գուճս հարկանիլ

--ի գուճս իջանիլ --ի գուճ կալ

Չորսն ալ կը նշանակեն ծունկի գալ, ծունր դնել, ծնրադրել, չոքիլ:

--ի գուճս սողալ

Ծունկերուն վրայ սողալով յառաջանալ:

Արդի հայը գրեթէ չի ճանչնար այս բառը, որ կը գոյատեւէ բառարանային փոխանցումներով:

Գրաբարը ունեցած է նաեւ գճել/գճիլ կամ ընդգճել/ընդգճիլ  պարզ բայերը եւս, որոնք  կը նշանակեն ծունկի բերել   եւ ծունկի գալ:

Ասոնց երկրորդը, ժամանակի ընթացքին կարգ մը  հնչիւնափոխութիւններ կրելով, աշխարհաբար հասած է  ընկճել/ընկճուիլ ձեւով: Գիտնանք սակայն, որ փոփոխութիւնը մի՛այն ձեւական չէ, այլեւ... բովանդակային: 

Արդարեւ, այս բայերը կորսնցուցած են իրենց նիւթական նշանակութիւնը  եւ վերածուած են վերացական հասկացութեան, ուր՝ 

--ընկճել  չի նշանակեր ծունկի բերել, այլ՝ յաղթել, տիրել, իրեն ենթարկել:

--ընկճուիլ՝  վհատիլ, ընկրկիլ, յոյսը կտրել/յուսահատիլ, բարոյալքուիլ: 

Աշխարհաբարի ուսուցիչը, ուրեմն, պէտք է գիտնայ, որ այս երկուքին կուճ թուող արմատը պատմականօրէն հնչիւնափոխուած գուճ   մըն է՝ 

ընդ-գուճ-ել > ըն-կուճ-ել > ընկճել

ընդ-գուճ-ուիլ > ըն-կուճ-ուիլ > ընկճուիլ

                                                                    *   *   *

Միւս կողմէ՝ ներկայիս իրօք ունինք կուճ   բառ մը, որ կը նշանակէ մարմար.

--«Քանդուեցան ձեր կուճով  դամբարաններն Անիի» (Դ. Վարուժան):



Մրքցոյթ 30.

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալները՝ առանց որեւէ բառ փոխելու.

---Կը շարունակենք  աջակցիլ Լիբանանեան բանակին աջակցիլ եւ կը պահանջենք հարաւային Լիբա-նանէն իսրայէլեան բանակի հեռացումը հաարաւային Լիբանանէն   կը պահանջենք («Ազդակ», 13/6/2025, էջ 2):

---Ֆրանսա բոլոր կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ’ուղղէ բոլոր կողմերուն՝ վերահաստատելով  Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան Իսրաէլի իրաւունքը («Հայկական  ժամանակ»):

***Հետեւեալին մէջ բառ մը ճիշդ չէ ընտրուած. փոխարինէ՛ զայն.

---Անոնց վերջին զրոյցը իրենց միջեւ հետզհետէ  աւելի լարուող յարաբե-րութեան  մէկ նոր արտայայտութիւնն   երեւոյթն էր («Ազդակ», 13/6/2025, էջ 8):

***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.

---Իսրայէլեան յարձակումը կը հարուածէ բոլոր միջազգային անգիր օրէնքներն ու մարդասիրական միջազգային բոլոր անգիր օրէնքները («Ազդակ», 16/6/2025, էջ 2):

***Հետեւեալէն ո՞ր բառերը կարելի է ջնջել.

---Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ սուրբ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց… («Ազդակ», 16/6/2025, էջ 2):

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Ցոլակ Ապտալեան (7,5), Համբարձում Յարթունեան (3), Միրնա Սիւլիւքճեան (5), Գեղամ Խաչատրեան(6,5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (8), Պերճ Տրէ Սահակեան (8):

Մրցոյթ 31.

***Հետեւեալին ո՞ր բառերը  են, որ աւելորդ են.

---Ատիկա պիտի ըլլայ չափազանց վտանգաւոր քայլ մը, որ անկանխատեսելի վտանգներ կը պարունակէ («Ազդակ», 20/6/2025):

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը.

---Ճամբուս վրայ  միշտ հանդիպած էի իրեն, իր նայուածքովը  լափելով զիս (Լեւոն Բաշալեան, «Անժէլ»):

***Հետեւեալին մէջ բառ մը սխալ կիրարկուած է. սրբագրէ՛ զայն.

--- Այսօր հայ լեզուն իր խօսակցական կամ գրական երեւոյթներով նահանջի մէջ է («Ազդակ», 21/6/2024):  

***Հետեւեալին մէջ սպրդած են քերականօրէն սխալ կիրարկուած բառ  մը եւ երկու աւելորդ բառեր. 

---Ամբոխը թշնամական  տրամադրուած էր, սակայն որեւէ տեսակի զէնքի գոյութիւն չնկատուեցաւ («Ազդակ», 23/6/2025, էջ 2):

***Ջանա մէ՛կ բառով փոխարինել հետեւեալին  ընդգծուած զոյգ բառերը.

---Մեր երկիրը իրանեան կողմին հետ կը վարէ ուղղակի եւ միջնորդներու ճամբով   բանակցութիւններ («Ազդակ», 26/6/2025, էջ 1):

 

 

Արմենակ Եղիայեան