Մոսկուայի մէջ հիւանդանոց փոխադրուած է Ռուսիոյ ժողովրդական արուեստագէտ 92-ամեայ Պետրոս Գիրգորովը, երգիչ Ֆիլիփ Գիրգորովի հայրը: Ան ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած է վերակենդանացման բաժանմունք. բժիշկները թոքերու այտուց ախտորոշած են։
Այժմ Պետրոս Գիրգորով հիւանդանոցին մէջ միացուած է դիտարկման սարքերուն, եւ բժիշկները կը վերահսկեն անոր վիճակը։ Անցեալ տարի բժիշկները անոր մօտ ախտորոշած էին սրտի իշեմիկ հիւանդութիւն: Փափ թագաւորի հօր սիրտին ռիթմավար տեղադրուած էր։
Պետրոս Գիրգորով լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ արդէն լաւ է: