image
Հրատապ լուրեր:

Առեղծուածային դէպք Երեւանի Քասախ շրջանին մէջ. տուներէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է երիտասարդ աղջկայ դի. 2 հոգի տեղափոխուած է հիւանդանոց

Առեղծուածային դէպք  Երեւանի Քասախ  շրջանին մէջ. տուներէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է երիտասարդ աղջկայ  դի. 2 հոգի տեղափոխուած է հիւանդանոց

Այսօր՝ հոկտեմբեր 16-ին, առեղծուածային եւ ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզի մէջ:

Ժամը 10:15-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Նայիրիի բաժին տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Քասախ գիւղի Թումանեան փողոցի տուներէն մէկուն մէջ մահացած քաղաքացիի դի եւ վիրաւորներ կան:

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով, ոստիկաններն ու պարեկները նշուած փողոցի տուներէն մէկու 1-ին յարկին մէջ՝ ննջասենեակին մէջ, յայտնաբերած են երիտասարդ աղջկայ դի, իսկ  շտապօգնութեան բժիշկներու խումբը նշուած բնակարանէն ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ 2 հոգի տեղափոխած է «Արմենիա» հիւանդանոց:

Դէպքի փաստով Նայիրիի քննչական բաժնի կողմէ նախաձեռնուած քրէական վարոյթ: 

Դէպքի վայր ժամանած են նաեւ «Կազփրոմ Արմենիա» Աբովեանի տարածքային վթարային ծառայութեան աշխատակիցները, քանի որ վարկածներէն մէկով, հնարաւոր է, շմոլ կազի արտահոսք եղած ըլլայ, սակայն երբ «Կազփրոմ»-ի աշխատակիցները ժամանած են, տունը կազի հոտ չէ զգացուած։

Տեղի ունեցածը շմոլ կազի հետեւանք է, թէ սննդային թունաւորում՝ դեռ կը պարզուի, ինչպէս նաեւ կը պարզուի մահացածի եւ հիւանդանոց տեղափոխուած անձանց ինքնութիւնը: