Հոկտեմբեր 14-ին արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 16։45-ի սահմաններուն ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին եւ ոստիկանութեան Դաւիթաշէնի բաժանմունք տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Երեւանի դպրոցներէն մէկէն հրազէնային վնասուածքով Երեւանի համաբուժարաններէն մէկուն բուժօգնութեան դիմած է աշակերտ, որ ռազմագիտութեան դասարանին մէջ օդամղիչ հրացանէ արձակուած գնդակէն ստացած է մարմնական վնասուածք, հաղորդած է Shamshyan.com-ը:
Այնուհետեւ տեղեկութիւն ստացուած է, որ երեխան «աջ ազդրի վնասուածք» ախտորոշմամբ տեղափոխուած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն։
Ոստիկանները պարզած են, որ երեխան Երեւանի դպրոցներէն մէկու 10-րդ դասարանի աշակերտ է։
Ոստիկանները պարզած են նաեւ, որ անոր մարմնական վնասուածքը պատճառած է նոյն դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտը հոկտեմբեր 13-ին՝ ժամը 11։30-ի սահմաններուն՝ դպրոցի ռազմագիտութեան դասարանին մէջ օդամղիչ հրացանով պատահաբար կրակոց արձակելու հետեւանքով:
Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Աջափնեակ եւ Դաւիթաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժին։