image

Հայաստանը կը մնայ մեր դաշնակիցը, բոլոր պարտաւորութիւնները ուժի մէջ են. ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղար

Հայաստանը կը մնայ մեր դաշնակիցը, բոլոր պարտաւորութիւնները ուժի մէջ են. ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղար

Երեւանը վերջին շրջանին չի մասնակցիր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարութեան աշխատանքին, բայց Հայաստանի կողմէ դաշինքին անդամակցութիւնը դադրեցնելու մասին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն կազմակերպութիւնը չէ ստացած: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին նշած է ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:

«Երեւանն իսկապէս վերջին շրջանին չի մասնակցին ՀԱՊԿ քարտուղարութեան աշխատանքին: Այս փուլին այդ Հայաստանի որոշումն է, մենք, իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւն, կը յարգենք ինքնիշխան պետութեան որեւէ որոշում: Այդուհանդերձ, կազմակերպութեան գործունէութիւնը կը շարունակուի ամբողջ ծաւալով, բոլոր գործընթացները կ՚իրականացուին ՀԱՊԿ օրինաչափութեան համապատասխան: Ընդունուող եւ ընդունուած որոշումներոգ մասին քարտուղարութիւնն աշխատանքային ռեժիմով կ՚իրազեկէ Երեւանի համապատասխան կառոյցները: ՀՀ պաշտօնատար անձանց որոշ յայտարարութիւններու վերաբերեալ կը նշեմ, որ Երեւանէն ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը կազմակերպութեան անդամակցութեան դադրեցման մասին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ ստացուած»,- նշած է ան:

Թասմակամպեթովի խօսքով՝ որոշ իրադարձութիւններ եւ Հայաստանի վերնախաւի տրամադրութիւնները մտահոգութիւն կ՚առաջացնեն։

«Բայց մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը քաղաքական սթափութիւն կը դրսեւորէ եւ կը գնահատէ կազմակերպութեան հետ կապուած տարբեր սենարներու իրականացման հեռանկարները: Հայաստանը կը մնայ մեր դաշնակիցը, բոլոր պարտաւորութիւնները կը մնան ուժի մէջ։ Մեր վերլուծաբաններու եւ անոնց հասանելի գործիքներու օգնութեամբ կը վերլուծենք իրավիճակը Հայաստանի շուրջ եւ՝ կազմակերպութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները»,- նշած է կառոյցի ընդհանուր քարտուղարը։