image

Հայաստանի ուժանիւթի խնդիրներուն մասին. Դէպի «Կանաչ ուժանիւթ»ի ճանապարհը

Հայաստանի ուժանիւթի խնդիրներուն մասին. Դէպի «Կանաչ ուժանիւթ»ի ճանապարհը

Ստորեւ կը  ներկայացնենք Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու նախագահ, «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ Վարդան Ջհանեանի «Հայաստանի ճանապարհը դէպի վերականգնուող ուժանիւթ եւ տնտեսական առաջընթաց» յօդուածը, որուն մէջ ան անդրադարձած է ուժանիւթի ոլորտին՝ որպէս տնտեսագէտ եւ գործարարութեան կառավարման մասնագէտ,շեշտն անշուշտ  դնելով «Կանաչ ներուժ»ի վրայ։ Ինչ ընել եւ ինչպէս շարժիլ, որ    բոլոր հայերուն երկիր Հայաստանը ունենայ «Կանաչ ջերմուժ» ու ատոր շնորհիւ ալ ունենայ յաւելեալ անկախութիւն, մաքուր   կենսոլորտային պայմաններ  ու նաեւ կայուն զարգացում։ 

Յօդուածի շահեկանութեան համար զայն կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։

 Ջհանեան կը գրէ՝

«Ուժանիւթը նորագոյն ժամանակաշրջանին մշտապէս եղած  է երկիրներու զարգացման անկիւնաքարը: Ատոր կրնաք համոզուիլ քանի մը պատմական եւ արդի անդրադարձներու միջոցով:

19-րդ դարու Մեծն Բրիտանիոյ օրինակը կը վկայէ, որ ուժանիւթը երկիրը դարձուցեր է արդիւնաբերական առաջատար ու աշխարհակալ գերտէրութիւն: Ածխային ուժանիւթը եւ շոգեշարժիչներու զարգացումը հիմք դրին երկրի տնտեսական եւ ռազմական գերիշխանութեան համար: Որեւէ երկրի մէջ արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը եւ այդ երկրի գերտէրութիւն դառնալը հնարաւոր էր միայն աժան եւ մեծ քանակի սեփական ուժանիւթի հաշուոյն։ Այդպէս է նաեւ ԱՄՆ-ի պարագային, որ 20-րդ դարուն առաջ անցաւ Բրիտանական Կայսրութենէն՝ դառնալով աշխարհի ամենահզօր գերտէրութիւնը։ ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցաւ նաւթային եւ որպէս ատոր արդիւնք՝ ներքին այրման շարժիչներու յեղափոխութիւնը, որ երկրի ռազմական եւ տնտեսական հզօրութեան յենասիւնը դարձաւ։ Թէեւ կը թուի, որ այսօր ԱՄՆ-ը կարծես կը կորսնցնէ այդ դերը Չինաստանի հետ մրցակցութեան մէջ, ակնյայտ է սակայն, որ տնտեսական յեղափոխութիւնները չեն կրնար լիարժէք ըլլալ առանց ուժանիւթի վերափոխման՝ այս անգամ կանաչ ուժանիւթի յեղափոխութեան։

Արեւային եւ քամիի ուժանիւթի աչքառու աճը ու Չինաստանի համընդհանուր ելեկտրականացումը նոր ուժանիւթային յեղափոխութիւն է, թիւով 3-րդը առաջին արդիւնաբերական յեղափոխութենէն ի վեր։ Չինաստանը կ՚ապացուցէ, որ ոչ միայն արդիւնաբերական գերտէրութիւն է, այլեւ նոր ուժանիւթային յեղափոխութեան առաջամարտիկ ու վերականգնուող ուժանիւթի անգերազանցելի արդիւնաբերական մենաշնորհ ստեղծողը։ Չինաստանի կառավարութիւնը երկիրը կը տանի դէպի «կանաչ ուժանիւթ» եւ ներմուծուող հանածոյ ուժանիւթակիրներէն անկախացման։ Այդ մօտեցումը չինական «անվտանգութիւն եւ առատութիւն» (security and abundance) տնտեսական ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ մասն է։ Չինաստանի այս ծրագրերու իրագործման արագութիւնը արտասովոր է։ Այնտեղ տարեկան աւելի շատ ընդհանուր հզօրութեամբ քամիի եւ արեւային կայաններ շահագործման կը յանձնուին, քան մնացած բոլոր երկիրներու մէջ միասին վերցուցած։ Նոր ինքնաշարժներու կէսէն աւելին արդէն ելեկտրական են։ Բոլոր երկիրները պիտի ձգտին հետեւիլ Չինաստանի օրինակին, որովհետեւ ուժանիւթային այս հերթական յեղափոխութիւնը վերականգնուող  ուժանիւթային այլընտրանք պիտի չձգէ։ Ի հարկէ, այդ երկիրները իրենց ուժանիւթային անցման ճանապարհին յաջողութեան տարբեր աստիճաններ եւ տարբեր արագութիւն պիտի գրանցեն։

Այս օրինակները ցոյց կու տան, որ ուժանիւթը աւելին է, քան պարզապէս միջոց. այն կրնայ ազգային գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ ազդեցութեան գործիք ըլլալ: Ուժանիւթային միջոցներու ճիշդ կառավարումը կրնայ դառնալ տնտեսական առաջընթացի, ազգային անվտանգութեան եւ համաշխարհային ազդեցութեան երաշխիք մեծ տէրութիւններու համար եւ ուժանիւթային անկախութեան ու տնտեսական զարգացման հիմք՝  փոքր երկիրներու համար: Ի դէպ, յատկանշական է, որ Չինաստանը ուժանիւթային փոխակերպման անհրաժեշտ մատակարարման շղթան ապահովելու համար արդէն քանի մը տասնամեակէ ի վեր կ՚ընդլայնէ նաեւ չինական ներկայութիւնը հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ։ Անցեալ տարի չինական ներդրումները համաշխարհային հանքարդիւնաբերութեան մէջ՝ թէ՛ երկրի մէջ, թէ՛ ամբողջ աշխարհի մէջ անցեր են 20 միլիառ տոլարի շեմը, իսկ համաշխարհային հանքարդիւնաբերական արտադրանքի արդէն մօտ 30%-ը կը պատկանի չինական ընկերութիւններուն։  

Հայաստանը փոքր երկիր է, որ ե՛ւ անհրաժեշտ միջոցներ, ե՛ւ հարուստ արեւային եւ ջրային ուժանիւթի ներուժ ունենալով, դեռ բաւարար  կերպով չի կրնար օգտուիլ ատոնց հնարաւորութիւններէն: Ուժանիւթային համակարգը դեռ մեծապէս կախուած է մէկ երկրէ ներկրուող կազէն եւ այլ հանածոյ ուժանիւթակիրներէն (պենզին, տիզելային վառելիք), որ ոչ միայն խոցելի կը դարձնէ ուժանիւթային անվտանգութիւնը, այլեւ կը խոչընդոտէ տնտեսական կայունութեան եւ մեծ բնապահպանական խնդիրներ կ՚առաջացնէ:

Որպէս ուսանելի օրինակ հետաքրքրական է նաեւ Չիլին: Այն բնական ուժանիւթի միջոցներով հարուստ չէ եւ կ՚օգտագործէ իր աշխարհագրական հնարաւորութիւնները՝ վերածուելով վերականգնուող ուժանիւթի յաջողած մոտելի:  Այստեղ  ելեկտրական  ընդհանուր ուժանիւթի արդէն 20%-ը կ՚արտադրուի արեւային կայաններու կողմէ, 14%-ը՝ քամիի եւ 22%-ը՝ ջրային կայաններու կողմէ, գրանցելով զգալի աճի արագութիւն։ Հայաստանի համար Չիլիի մոտելը կրնայ կիրառելի ըլլալ՝ հաշուի առնելով երկիրներու նմանութիւնը որոշ ընկերային, աշխարհագրական եւ հանքարդիւնաբերական ներուժի յատկանիշներով: Հիմքային նմանութիւն ունենալով՝ մենք Չիլիէն նոյնպէս դեռ շատ ետ ենք։ Օրինակ, եթէ Հայաստանի մէջ ջրային կայաններու արտադրանքի ծաւալի տեսակարար կշիռը համեմատելի է Չիլիի ցուցանիշերուն  հետ, ապա արեւային ուժանիւթի առումով  երկու անգամ ետ ենք, իսկ քամիի ուժանիւթը մեր երկրին մէջ գրեթէ չօգտագործուիր։ Ի տարբերութիւն Չիլիի՝ Ուժանիւթի կուտակիչներու ծրագրեր մեր մօտ ընդհանրապէս գոյութիւն չունին։

Յատկանշական է, որ ի տարբերութիւն Չիլիի եւ Չինաստանի, Հայաստանը, ցաւօք, այս պահուն լիարժէք չօգտուիր նաեւ իր հանքարդիւնաբերական աղբիւրի ներուժէն, որ անուղղակիօրէն կրնար նաեւ հնարաւորութիւններ բանալ ուժանիւթային փոխակերպման ոլորտի մէջ ներդրումներու համար։

Հայաստանը կրնայ եւ պէտք է օգտագործէ իր արեւային, քամիի եւ ջրային ուժանիւթի ներուժը՝ զուգակցելով պետական, մասնաւոր եւ միջազգային ջանքերը: Միայն Սեւանի նման բնական ու կատարեալ ջրային կուտակիչ ունենալով՝ Հայաստանը արդէն  մեծ առաւելութիւն ունի իր հարեւաններու նկատմամբ, որ կրնայ լիարժէք կայունութիւն ապահովել նոր ուժանիւթային համակարգի համար։

Վերականգնուող ուժանիւթի զարգացումը ոչ միայն կը նուազեցնէ երկրի ուժանիւթային կախուածութիւնը, այլեւ կը դառնայ տնտեսական զարգացման եւ տարածաշրջանային առաջատարութեան հիմք: Տարածաշրջանային եւ համաշխարհային դերակատարումը բարձրացնելու յաւակնութիւն ունեցող երկիրը պէտք է առաջարկելու ինչ-որ բան ունենայ։ Այդ կրնայ ըլլալ կանաչ, մատչելի ելեկտրական ուժանիւթը, որու մեծ կարիք ունի Եւրոպական աշխարհամասը։ Ի՞նչ կիրառական քայլեր առնուած են այս ուղղութեամբ։ Արդեօ՞ք ունինք նոր ուժանիւթ եւ անվտանգ ու առատ տնտեսութիւն ստեղծելու համարձակութիւնն եւ յանձնառութիւնը։

Այսօր Հայաստանը կանգնած է պատմական ընտրութեան առաջ. շարունակել կախուած մնալ ներմուծուող հանածոյ վառելիքէն, թէ օգտուիլ իր բնական միջոցներէն՝ դառնալով կայուն, ինքնաբաւ եւ ուժանիւթապէս անկախ երկիր, ունենալով առատ, աժան, անվտանգ ու անկախ ուժանիւթ ոչ միայն ներքին սպառման, այլեւ արտահանման համար։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ուժանիւթը կրնայ ոչ միայն տնտեսութեան շարժիչ ուժ, այլեւ ազգային անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային ազդեցութեան կարեւոր բաղադրիչ դառնալ: Ժամանակն է, որ Հայաստանը լիարժէք օգտուի այս հնարաւորութիւններէն՝ վերականգնուող ուժանիւթը դարձնելով իր զարգացման հիմքը»։

 

Նիւթը հրապարակման  պատրաստեց ՝«Արեւելք»ը։

Նշենք նաեւ, որ Ջհանեանի նիւթը հրապարակուած է հայրենի «Պանքս.ամ» կայքին մէջ։