image

Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատի նախագահի ՝ Հայաստանեան այցին մասին. Cyprus Mail-ի արձագանգը

Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատի  նախագահի ՝ Հայաստանեան  այցին մասին. Cyprus Mail-ի  արձագանգը

Հայաստանի Ազգային ժողովի հրաւէրով Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ՝ Աննիթա Տիմէթրիու Հայաստան պիտի այցելէ: Այցելութեան ծիրին մէջ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պետական պաշտօնատարներու հետ:  

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու  դարձաւ    Կիպրական Cyprus Mail պարբերականէն։

Ստորեւ  եղած հրապարակումին բովանդակութիւնը ՝ 

Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Աննիթա Տիմէթրիու, Հայաստանի Ազգային ժողովի հրաւէրով, կիրակի օր եռօրեայ պաշտօնական այցով մը պիտի ժամանէ Հայաստան՝ 

Այցի ընթացքին Տիմէթրիու պիտի հանդիպի Հայաստանի նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոեանի եւ Հայաստան-Կիպրոս միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի նախագահ Հայկ Կոնջորեանի հետ։

Ան  նաեւ պիտի այցելէ Արագածոտնի մարզ, ուր տեղակայուած են Կիպրոսի կողմէ ֆինանսաորուող ջերմոցները, եւ ուր  բնակութիւն հաստատած են  Լեռնային Ղարաբաղէն գաղթականներ, եւ ան պիտի հանդիպի   այդ  ընտանիքներուն հետ:

Առաւել, Տիմէթրիու պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

 

Կիպրոս եւ Հայաստան ունին պատմական սերտ կապեր, որոնք  յաճախ կը շեշտուին  երկուստեք  պաշտօնական մարմիններուն կողմէ:  

Կիպրոս հետեւողականօրէն աջակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման Հայաստանի կոչերուն։ Անոր դիմաց Հայաստան աջակցած է Կիպրոսին  1974 թուականի թրքական ներխուժումէն ետք  առկայ  խնդրին խաղաղ եւ կայուն լուծման համար:

2025 թուականի փետրուարին Տիմէթրիու ողջունեց Նիկոսիոյ  մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը՝ վերահաստատելով երկու երկիրներու «գերազանց յարաբերութիւնները» եւ կոչ ընելով ԵՄ-ին «յստակ դիրքորոշում ընդունիլ» Հայաստանի անդամակցութեան դիմումին վերաբերեալ։

2024 թուականի դեկտեմբերին Կիպրոս, Յունաստան եւ Հայաստան ստորագրեցին 2025 թուականի գործողութիւններու համատեղ ծրագիր՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել իրենց դերը որպէս կայունութեան յենասիւներ Կովկասի մէջ եւ Արեւելեան Միջերկրականին մէջ։

Հայաստան-Կիպրոս համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովը առանցքային դեր կը խաղայ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան մէջ՝ ձգտելով ընդլայնել համագործակցութիւնը անոնց օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ: