Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Մօտ 20 տարիներ առաջ, օր մը անսպասելիօրէն մօտս եկաւ երկար տարիներու Էնսինօյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Վարդան Առաքելեանը։ Տէր Հայրը պատմեց, թէ ինք ինչպիսի պայմաններու մէջ քահանայ ձերնադրուած էր, եւ թէ Անթիլիասէն առաջին հերթին ուղղարկուած էր Իրաքի Զախո շրջանը, ապա նաեւ Իրաքի տարբեր հայկական եկեղեցիներ՝ այդ ծուխերու հայութեան ծառայելու համար։ Ան երկար խօսեցաւ ազգային հերոս Լեւոն Փաշա Շաղոյեանին մասին, անոր ազգային-յեղափոխական գործունէութեան, Վանի հերոսամարտի ընթացքին Արամ Մանուկեանի կողքին անոր մարտական հրամանատարութեան մասին, ու նաեւ այն մասին թէ Վան-Վասպուրականէն Իրաք հասած հայութեան համար Փաշան առաջնորդող տիպար մը եղած էր, ու Տէր Հօր համար ալ տեսակ մը հայր։
Եւ այսպէս, Լեւոն Փաշայի մահանալէն ետք, քանի որ ան անմիջական ընտանեկան պարագաներ չունէր, իր ամենէն արժէքաւոր ունեցուածքը որ իր ձեռքի գաւազանն էր, որպէս ժարանգ մնացած էր Տէր Վարդանին։ Եւ ահա, Տէր Հայրը իր հետ բերած տոպրակէ մը դուրս հանեց Լեւոն Փաշային գաւազանը, եւ երկիւղածութեամբ մը զայն երկարեց ինծի, ըսելով թէ գաւազանը տարիներով իր մօտ պահելէ ետք, ահա զայն կը փոխանցէր ինծի որպէսզի յետ այդ պահուն, ես տիրութիւն ընէի անոր։ Կաղնիի տախտակէ պատրաստուած, Փաշայի անուան սկզբնատարերն ու 1934 թուականը վրան փորագրուած տպաւորիչ գաւազան մըն էր։ Յուզուած եւ երախտապարտ, ես առարկեցի ըսելով թէ ես այդ գաւազանը պէտք էր որ Դաշնակցութեան թանգարանը փոխանցէի, սակայն Տէր Վարդանը կտրուկ մերժեց՝ ըսելով թէ այդ «ապրող» գաւազան մըն է որ «թանգարաններու մէջ կորսուելու համար» չէ։ «Մօտդ ունեցիր եւ անկէ ոյժ ա ՛ռ» ըսաւ, «երբ այլեւս ուրիշին պիտի փոխանցես զայն, վստահ եղիր որ արժանի մէկը ընտրես ասոր տէր կանգնող»։
Եւ ահա, երբ անցեալ շաբաթավերջին պատիւը ունեցանք հիւրասիրուելու Իրաքահայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան կողմէ, առիթը յարմար նկատեցի վերոյիշեալ գաւազանը փոխանցելու Միութեան անդամներուն, որոնք որպէս արժանի ժառանգորդները Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի առաքելութեան եւ աւանդին, այդ գաւազանէն «ոյժ առնեն» իրենց ազգօգուտ ծառայութեան ընթացքին։ Մտքիս մէջ կասկած չկայ, որ Լեւոն Փաշան եւ Տէր Վարդանը գոհ պիտի մնային գաւազանին նոր տան մասին տեղեկանալով։