image

Լեւոն 14-րդ Պապին մասին.Ամերիկացի Պապը, որ «ամերիկեան քաղաքականութեան» կրողը չէ

Լեւոն 14-րդ Պապին մասին.Ամերիկացի Պապը, որ «ամերիկեան  քաղաքականութեան» կրողը չէ

Տակաւին  մելանը չէր չորցած Հռոմի նոր Պապի ընտրութեան լուրէն, երբ  հրապարակ կը նետուէր բաւական կասկածելի լուր մը, ըստ որուն Հռոմի Լեւոն Պապի արմատները կը սերին  հայկական արմատներէ։ 

Նորընտիր Պապի կենսագրութեան մասին արագ եւ հպանցիկ  հայացք մը նետելով ցանկացած  ընթերցողի համար պարզ պիտի դառնար, որ Պապը ոչ միայն ամերիկածին է, այլ անոր արմատները կու գան հեռաւոր Հայիթիէն ու կը նշուէր նաեւ, որ անոր նախահայերը սեւամորթներ էին, որոնք պայմաններու բերումով հասած էին  ԱՄՆ-ի Լուսիանա նահանգ։

Շատ աւելի խորքային պրպտումներու կարիք չկայ Պապի արմատներուն մասին յստակ պատկերացում ունենալու համար, սակայն տխուրը այս պարագային այն էր, որ Պոլսէն «տարածուած» լուրը  կերպով մը կը սողսկէր ու կը հասնէր  Հայաստան, ուր հայկական լրահոսի տասնեակ ներկայացուցիչներ տարածուած սխալ (ոչ միայն սխալ այլեւ  անհիմն) լուրը «հալած իւղ»ի պէս կլլելով կը փորձէին  հրճուանք մը պատճառել հայ ընթերցողին։ Ամէն պարագայի տակաւին առիթ պիտի ունենանք  գրելու  Լեւոն 14-րդ Պապին մասին, որ Վատիկեանեան գահին կը բարձրանայ  բաւականին «նուրբ»  ժամանակաշրջանի մը, որուն  ուղենշային տարրերը միայն կրօնական ընկալումները,  եկեղեցւոյ ներքին խնդիրները, կամ  բարեկարգման  հարցերը չեն, այլ    կան, գոյութիւն ունին շատ աւելի տարերային խնդիրներ  եւ հիմնահարցեր։

Պատերազմներու նիւթը, որ դարձած է այսօրուայ աշխարհը յուզող ամէնէն հրատապ նիւթերէն մին կ՚աճի  «քաղցկեղ»ի մը նման, իսկ  Եւրոպայի տարածքին մերձ՝ Ուքրանիոյ հողերուն վրայ շղթայազերծուած   պատերազմը կը շարունակուի «անվրդով» կերպով, իր ամբողջ ստուերը տարածելով բաւականին «ուժասպառ» դարձած ու մանաւանդ տեսլականի լուրջ տագնապ ապրող «ծեր» ցամաքամասին՝ Եւրոպային վրայ։ 

Այդ բոլորէն հեռու չէ Վատիկանի Սուրբ Աթոռը, որ տարբեր առիթներով փորձեց իր բարի խօսքի յենելով խաղաղութեան նոր «առագաստներ» բանալ աշխարհին դիմաց, բայց իւրաքանչիւր փորձ տապալեցաւ, տեղ մըն ալ հարցականի տակ դնելով Վատիկանի ազդեցիկ համարուած խօսքին ուժականութիւնը...։ Շատեր  այս  «թուլացում»ը կամ Վատիկանի կողմէ «ետ քաշուիլ»ը արդարացուցին ըսելով, որ այդ նահանջը անպայմանօրէն կապ ունէր Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական վիճակի կտրուկ վատթարացման հետ, որ տեղ մըն ալ հանգեցուց այս խրդին հարցերուն մէջ Վատիկանի ընդհանուր դերակատարութեան չքացման։

Այս բոլորին կողքին կայ նաեւ քաղաքակրթական պայքարի երեսակ մը, որ ունի խորքային արմատներ, ու ձեւով մըն ալ արմատացած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ այդ եկեղեցիին ծառայող հայրերու ու նոյնիսկ հայրաբաններու հոգիներուն մէջ։ Այդ մէկն անշուշտ արեւելք-արեւմուտք «թէժ» պայքարն է, որ «Պաղ պատերազմ»ի աւարտէն ի վեր աշխարհին կը ներկայանայ բաւական «վառ» եւ մտահոգիչ երանգներով։ Ու այստեղ եւս Վատիկանը պարտաւոր է հաշուի առնել նախ իր բնական մջավայրը, դարերու անցեալ ունեցող պատկանելիութիւնը ու յատկապէս քաղաքակրթական այն հոլովոյթը, որուն արմատներէն է, որ սնանած է Վատիկանը։ 

Աւելի յստակ ձեւակերպելու համար միտքս, հարկ է բացատրել ու բացայայտել, որ Վատիկանն այսօր պարտաւոր է «կողմ» բռնել Արեւելք-արեւմուտք մեծ պայքարին մէջ, ու անգամ եթէ կը դժուարանայ ուղիղ կեցուածքով մը հանդէս գալ, ապա Սուրբ Աթոռը պարտաւոր է ցոյց տալ իր «նախասիրութիւն»ն ու ընտրանքները։ 

Բան մը, որ արդէն տեղի ունեցաւ «բոցավառ» կերպով, երբ Ռուսաստան ու անոր մօտիկ համարուող  երկիրները  առաջին մակարդակի մասնակցութիւն չբերին Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի վերջին հրաժեշտի  արարողութեանց։ Ու այս կէտն արդէն բաւարար է, հասկնալու  համար, որ Վատիկանի կեցուածքը ինչ է այդ  պայքարին մէջ, հակառակ անոր, որ Սուրբ Աթոռը (ըստ էութեան) պարտաւոր է նոյն հաւասարութեան մէջ  ըլլալ  բոլոր հակամարտող կողմերուն հետ։

Ամէն պարագայի այս բոլորը ներկայացնէ անդին հարկ է վերադառնալ մեր բուն նիւթին, ու փորձել վերլուծել, թէ  Հռոմի Լեւոն Պապը, ինչ որակներու «քաղաքականութիւն» պիտի վարէ իր առաջ դրուած թղթածրարներուն  առընթեր ու այս առումով ալ օրերս ուշագրաւ հրապարակում մը կատարած է իտալական La Reppublica, պարբերականը, որուն հիմնական  մասերը կը ներկայացնեմ ստորեւ։

 

La Reppublica, կը գրէ՝ 

«Նոր Պապի ընտրութիւնը ոմանց յիշեցուց «Քոնքլաւ» շարժանկարը, որ այս տարուան «Օսքար»-ի ներկայացուած լաւագոյն շարժանկարներնէն մէկն էր: Ի հարկէ, շարժանկարը շատ աւելի թատերական էր, իսկ վերջաւորութիւնը՝ բոլորովին անկանխատեսելի, բայց կային նաեւ շատ ընդհանրութիւններ. «Քոնքլաւ»ի յաղթողը Պաղտատէն անյայտ կարտինալ մըն էր, որ մինչ այդ չէր ճանչցուած որեւէ մէկուն կողմէ։ 

Ներկայ Հռոմի Պապ Ռապըրթ Փրեւոսթ, որ ստացաւ Լեւոն (Լէօ) ԺԴ անունը, ամերիկացի է, ան այդ երկրի առաջին քաղաքացին է, որ այս գահը բարձրացաւ։ Ան նոյնպէս փերուցի է, երկրորդ քաղաքացիութիւնը ստացած է 2015 թուականին։

Փերու-ամերիկացիին վերելքը կը խօսի համաշխարհային հարաւի աճող դերի մասին, ուր կաթոլիկ եկեղեցին աւելի արագ կ'ամրապնդէ իր դիրքերը, քան Միացեալ Նահանգներու մէջ: Լատին Ամերիկայի մէջ շատերն այժմ երկքաղաքացիութիւն ունեցող Պապը կ'անուանեն իրենց «որդեգիր որդի»ն եւ կը հրաժարին զինք ճանչնալէ, որպէս կայսերապաշտութեան «դեսպան»ը Վատիկանի մօտ։

69-ամեայ Փրեւոսթ ծնած է Շիքակօ, բայց իր կեանքի միայն մէկ երրորդը անցուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, մնացած ժամանակը եղած է Լատին Ամերիկա՝ աշխարհի այն ծայրամասը, ուրկէ ալ  սերած է ան։

Փրեւոսթի ընտրութիւնը ցնծութիւն առաջացուց Ամերիկայի մէջ եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփ գովաբանեց Վատիկանը: Սակայն, Հռոմի պապը «ամերիկացիներուն մէջ ամենաքիչ ամերիկացի» եղողն է։

Վատիկանը նախապէս անբարեացակամ վերաբերմունք կը ցուցաբերէր «Նոր աշխարհ»էն եկած մարդոց հանդէպ։ Անցեալ դարերուն, թեկնածուներէն շատերը հեռաւորութեան պատճառով պարզապէս չէին կրնար ժամանակին հասնիլ «փակարան»ի («Քոնքլաւ»ի) ընտրութիւններուն։ Իսկ աւելի ուշ, Կաթոլիկ եկեղեցին կը վախնար գերտէրութեան չափազանց մեծ ազդեցութենէն, եւ որ Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը կրնար ձեռք դնել իր սրբութիւններուն վրայ:

Բայց Հռոմի Լեւոն ԺԴ պապը կարտինալներուն մօտ նման անհանգստութիւն չառաջացուց։ Անոր ընտրութիւնը համեմատաբար արագ էր՝ չնայած պահպանողականներու «թերահաւատութեան»: Ընտրութիւնը տեւեց ընդամէնը 24 ժամ 23 րոպէ, ինչ որ աւելի քիչ էր Ֆրանչիսկոս եւ Պենետիքտոս ԺԶ պապերու ընտրութիւններէն։

Պարզ ու ակնյայտ էր անոր առաջին ուղերձէն, որ ան կարդաց Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի պատշգամէն (որ սպաներէնով էր), որ ան  պիտի հետեւի Ֆրանչիսկոսի Պապի ժառանգութեան, որ բացաւ հաւատքի դուռը ըսելով՝  «Todos, todos, todos» (բոլորին, բոլորին, բոլորին), այդպիսով  ալ փնտռելով   բոլորը  եւ պայքարիլ  յանուն միասնութեան։ Աշխարհի մէջ շատեր չէին սիրած Ֆրանչիսկոսը եւ զինք  անուանած էին ՝ «Ձախակողմեան»։

Կը սպասուէր, որ ընթացիկ ընտրութիւններուն նորէն ալիք բարձրանայ եւ պահպանողականները թոյլ չտան ​​ազատ մտածողութեան նոյնիսկ ամենաչնչին դրսեւորումի, բայց այդ տեղի չունեցաւ, թէեւ շատերուն համար ներկայ Պապը կարծես հերետիկոսական ուղերձներ կը հռչակէր։ Օրինակ, ան նախապէս կոչ ըրած է բանալու եկեղեցւոյ դուռը LGBT (միասեռական եւ այլն) մարդոց  առջեւ։ Փրեւոսթ նաեւ խօսած է կանանց դերի մասին եկեղեցւոյ մէջ, թէեւ զգալի նախազգուշացումով, որ կին ձեռնադրելը «կրնայ նոր խնդիրներ ստեղծել»:

Փրեւոսթ դարձաւ 267-րդ Պապը Լեւոն (Լէօ) անունով: Անկէ առաջ Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԳ-ը գահ բարձրացած է 1878 թուականին, ան քարոզած է ընկերային կրթութիւն եւ կոչ ըրած մարդկային արժանապատուութեան մասին ամբողջ աշխարհով։ Որոշ չափով բոլոր Լեւոն անունը   կրող  պապերը  համարուած են բարեփոխիչներ, իսկ ներկայ Հռոմի Պապը ինքզինք կը հռչակէ միջազգայնական (ազգերու համերաշխութեան կողմնակից), որ պիտի կարենայ «կամուրջներ կառուցել», ինչ որ կը հակասէ Ամերիկայի ներկայ քաղաքական ղեկավարութեան ընթացքին:

Մարքօ Փոլիտինոր, որ երկար տարիներէ  ի վեր կը հետեւի Վատիկանեան զարգացումներուն այս առթիւ  ըսած է,- «այժմ կայ կարտինալներու աշխարհաքաղաքական մեծ արձագանք ժամանակի մը մէջ, երբ ուժ կիրառելու սպառնացող մարդիկ գրաւած են համաշխարհային ասպարէզը: Այս պահուն ամերիկացիի մը ընտրութիւնը, որպէս Հռոմի պապ, որ կը խօսի խաղաղութեան, Քրիստոսի, կարեկցանքի, աղքատներու, անապահովներու մասին հոգ տանելու եւ կառուցելու մասին, չափազանց կարեւոր է»:

 

Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...