image

Հայաստանի միակ էքօ դպրոցի աշակերտները շուրջ 800 էքոտոպրակ բաժնած են հանրախանութներու յաճախորդներուն

Հայաստանի միակ էքօ դպրոցի աշակերտները շուրջ 800 էքոտոպրակ բաժնած են հանրախանութներու յաճախորդներուն

Հայաստանի միակ ամբողջութեամբ բնապահպանական դպրոցի՝ Աւետիսեան դպրոցին մէջ  (Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու անուան կրթահամալիր) ինքնատիպ ձեւով ամփոփուած է հերթական բնապահպանական միամսեակը:

Ինչպէս կը տեղեկանանք դպրոցէն,  աշակերտներու ուժերով հաւաքուած է էքպոլոկիապէս անվնաս, հիմնական երկրորդ կեանք ստացած դիմացկուն կտորներէն կարուած շուրջ 800 տոպրակ՝ «Աւետիսեան դպրոց» պատկերանիշով: Շատ ծնողներ, արձագանգելով դպրոցի նախաձեռնութեան, մէկի փոխարէն կարած եւ դպրոց ուղարկած էին մի քանի տոպրակ:

Աշակերտները Հարաւ-Արեւմտեան թաղամասը գտնուող դպրոցէն քալելով անցած են Հարաւ-Արեւմտեան թաղամասի հանրախանութներով՝ խանութներու յաճախորդներուն բաժնելով էքոլոկիապէս անվնաս տոպրակները, ինչպէս նաեւ յիշեցուցած են, թէ ինչպիսի չարիք են բնութեան եւ մարդկութեան համար փոլիէթիլենային տոպրակները: