image

Եւրոպական ազդեցիկ երկիրներ պատրաստ են աջակցելու Կազային

Եւրոպական ազդեցիկ  երկիրներ պատրաստ են  աջակցելու Կազային

Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան եւ Մեծ Բրիտանիան աջակցած են Կազայի հատուածի վերականգնման արաբական ծրագիրին։ Այդ մասին յայտնած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած է Արաբական պետութիւններու լիկայի արտակարգ գագաթնաժողովը Պաղեստինի հարցով։ Մասնակիցները հաւանութիւն տուած են Կազայի հատուածի վերականգնման համար Եգիպտոսի մշակած ծրագիրին, որ կ'ենթադրէ պաղեստինցի ժողովուրդի ներկայութեան պահպանում իրենց հողերուն վրայ։ Ծրագիրը բաղկացած է երեք փուլէ, առաջինը՝ իրենց տուները կորսնցուցած պաղեստինցիներուն ժամանակաւոր կացարաններ տրամադրելն է։

«Մենք՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներս, կ'ողջունենք Կազայի վերականգնման ծրագիրի արաբական նախաձեռնութիւնը: Ծրագիրը կը նախանշէ Կազայի վերականգնման իրատեսական ուղին եւ կը խոստանայ, որ իրագործուի պաղեստինցիներու աղետալի կենսապայմաններու արագ եւ կայուն բարելաւում»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախարարները նշած են, որ վերակառուցման եւ վերականգնման ջանքերը պէտք է խարսխուած ըլլան ամուր քաղաքական եւ անվտանգութեան հիմքի վրայ, որ ընդունելի է ինչպէս իսրայէլացիներուն, այնպէս ալ պաղեստինցիներուն համար՝ անով իսկ երաշխաւորելով երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն: