image

Իրան պիտի չբանակցի Միացեալ Նահանգներու հետ. Խամենէի

Իրան պիտի չբանակցի Միացեալ Նահանգներու հետ. Խամենէի

Իրան պիտի չբանակցի Միացեալ Նահանգներու հետ: Այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին Իրանի պաշտօնեաներուն հետ հանդիպման ժամանակ` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նամակին, ուր կ'առաջարկէր բանակցութիւններ վարել Թեհրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ:

«Որոշ անբարեխիղճ կառավարութիւններ կը բանակցին ոչ թէ խնդիրները լուծելու, այլ սեփական շահերը պարտադրելու համար: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, անշուշտ, չ'արդարացներ անոնց սպասելիքները»,- նշած է ան։