image
Հրատապ լուրեր:

Նախիջեւանը «Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է», հայրս թոյլ չէ տուած անոր «բռնագրաւումը» Հայաստանի կողմէ. Ալիեւ

Նախիջեւանը «Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է», հայրս թոյլ չէ տուած անոր «բռնագրաւումը» Հայաստանի կողմէ. Ալիեւ

Նախիջեւանը «Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է», որ աւելի քան մէկ դար անջատուած է Ատրպէյճանի հիմնական մասէն եւ չունի ցամաքային կապ՝ խորհրդային վարչակազմի կողմէ «Արեւմտեան Զանգեզուրը» (նկատի ունի ՀՀ Սիւնիքի մարզը) Ատրպէյճանէն անջատելու եւ Հայաստանին փոխանցելու պատճառով։ Այս մասին Թուրքիոյ մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Անոր խօսքով՝ սա լուրջ «անարդարութիւն» է:

«Ղարաբաղեան առաջին պատերազմի ժամանակ Հայաստանը շրջափակած էր Նախիջեւանը։ Հայերը կ՚ուզէին բռնագրաւեել Նախիջեւանը, ինչպէս ըրին Ղարաբաղի պարագային: Հայրս՝ Հէյտար Ալիեւը, որ այն ժամանակ Նախիջեւանի ղեկավարն էր, այդ մէկը թոյլ չտուաւ։ Նախիջեւանը չգրաւելու պատճառներէն մէկը Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Յոյսի կամուրջի կառուցումն էր։ Թուրքիոյ օգնութիւնը նշանակալի ներդրում ունեցած է Նախիջեւանի անվտանգութեան գործին մէջ», -ըսած է Ալիեւ։

Նախիջեւանը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մաս եղած է։ Սակայն 1921-ի մարտ 16-ին Խորհրդային Ռուսիան եւ Թուրքիան Մոսկուայի մէջ կնքած են պայմանագիր, ըստ որու՝ Նախիջեւանը յանձնուած է Խորհրդային Ատրպէյճանին։ Այժմ Նախիջեւանը հայաթափուած է եւ բռնակցուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան։