Երեւանի մէջ ընթացք առած «Արժանապատւութեան երթ»ի աւարտին ընդդիմութիւնը յայտարարեց յառաջիկայ երեքշաբթի օր մեկնարկելիք գործադուլի մասին։
Այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան։
Սաղաթէլեան նաեւ նշեց, որ երեքշաթի օր ժողովուրդը պիտի հաւաքուի Հանրապետութեան հրապարակ պահանջելու համար Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը։
Դաշնակցական գործիչը նաեւ նշեց, որ մինչեւ երեքշաբթի օր բողոքի գործողութիւնները, հաւաքները եւ երթերը պիտի շարունակուին։