Պատերազմներու ժամանակի տեւողութիւնը մեծ դեր կը խաղայ թէ՛ զինուարական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական ճնշումներու իմաստով:
Իրանի դէմ իսրայէլեան-ամերիկեան պատերազմը եթէ կարճ ժամանակի ընթացքին արդիւնքներու հասնէր, բնականաբար տարբեր եզրակացութիւններու պիտի յանգէին:
Ժամանակը ի վնաս Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին է, ժամանակէն օգտուողը Իրանն է:
Պատերազմի սկսիլը առաջին քայլը առնողին որոշումով կ՛ըլլայ, սակայն աւարտը` ոչ անպայման: Արդարեւ, ժամանակի հանգամանքը մեծ դեր կը խաղայ, պէտք է նկատի առնել, թէ ժամանակի գործօնը ի վնաս ո՛ր կողմին է:
Այսօրուան պատերազմի տուեալները շատ են:
Բնականաբար մեծագոյն վնասուողներէն են Ծոցի երկիրները: Անոնց ապահովական, տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական խեղճութիւնը ի յայտ եկաւ ասկէ առաջ, երբ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց Քաթարի մէջ բանակցութեան եկած Համասի պատուիրակութիւնը: Ծոցի երկիրներու լաւատես, շինծու, շռայլ եւ գեղեցիկ դրուածքը ինքնին խաբկանք էր օրին, երբ ամէն բան ապահով էր ու վարդագոյն: Հիմա յստակ է արդէն, որ անոնք ոչ մէկ հեռանկար ունին, ոչ մէկ քաղաքական կամք, ոչ իսկ` տնտեսական ապահովութիւն:
Այս է տրամաբանական աւարտը, երբ երկիր մը իր բոլոր մարզերու տնօրինումները օտար պետութեան կը վստահի:
Համոզուած եմ ու ինքնավստահ, որ բանակցութեամբ պիտի աւարտի պատերազմը: Եւ բանակցութիւններով լուծում գտնելու պարագային յաղթող-պարտուող չ՛ըլլար:
Վերջապէս, Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները պէտք է լաւ գիտնան, որ երկիրներու ղեկավարներու մաքրագործումը, դիմադրութեան շարժումներու ղեկավարներու փոփոխութիւնը տուեալ ժողովուրդներուն մէջ աւելի աւելի վայրագ, հակազդող, ոխերիմ եւ վերջապէս ահաբեկչութիւնը իբրեւ միակ լուծում գտնելու միջոց կ՛ըլլայ:
Ներկայ պատերազմն ու անոր իրադարձութիւնները անուղղակիօրէն ահաբեկչութիւնը զարգացնելու մղում կու տան, եւ այդ մէկը զինադադարէն ետք աւելի պիտի բացայայտուի:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»