Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնը կանխած է Երրորդ համաշխարհային պատերազմը, Սպիտակ տան մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
«Եթէ մենք այդ չընէինք, պիտի սկսէր միջուկային պատերազմ, որ պիտի վերածուէր երրորդ համաշխարհայինի: Եւ որ աւելի կարեւոր է՝ այդ պիտի ըլլար պատերազմ մը, որմէ ետք ոչինչ պիտի մնար»,-ըսած է ան։
ԱՄՆ նախագահը պնդած է, որ եթէ ԱՄՆ-ը չյարձակէր Իրանի վրայ, ապա Թեհրանը պիտի ունենար միջուկային զէնք, որով պիտի հարուածէր Իսրայէլը եւ ողջ Մերձաւոր Արեւելքը։