image

«Երրորդ Համաշխարհայինը արդէն սկսած է» Սերպիոյ նախագահ

«Երրորդ Համաշխարհայինը արդէն սկսած է» Սերպիոյ նախագահ

Երրորդ համաշխարհային պատերազմը արդէն սկսած է, բայց տակաւին ոչ ոք այդ մասին պաշտօնապէս  յայտարարած է․ այս մասին յայտարարած է Սերպիոյ նախագահ Վուչիչը։

«Հնարաւոր է, որ այն արդէն սկսած է, մենք պարզապէս տակաւին պաշտօնապէս չենք խօսիր այդ մասին։ Նաւթի, կազի, հանքանիւթերու, հազուագիւտ մետաղներու եւ այլ հումքի համար պայքարը վաղուց սկսած է»,– ըսած է ան՝ «Պերլիներ Ցայթունկ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Անոր համաձայն՝ Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմները սկսած են որպէս տարածաշրջանային հակամարտութիւններ, եւ միայն աւելի ուշ ձեւաւորուած են աւելի մեծ դաշինքներ, որոնք ի վերջոյ յանգեցուցած են ուղղակի հակամարտութեան։ Ան նշած է, որ նմանատիպ զարգացում կարելի է նկատել նաեւ այսօր։

Վուչիչը յոյս յայտնած է, որ կարելի է խուսափիլ սրացումէն, սակայն խոստովանած է, որ ներկայիս չի տեսներ ատոր հասնելու դիւրին ճանապարհ։