Միանշանակ մենք 3-րդ ալիքի գագաթնակէտին ենք, այս պահուն ունինք աւելի քան 20 վերադիմափոխուած հիւանդանոց «Քորոնա» ժահրի բուժման համար: Բաւականին լուրջ է իրավիճակը, հերթի մէջ ունինք հիւանդներ, որոնք կարիք ունին հիւանդանոց տեղափոխման: Այս մասին Կառավարութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ նշած է ԱՆ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոն տնօրէնի տեղակալ Գայիանէ Սահակեանը:
«Ինչ վերաբերում է AstraZeneca տեսակի պատուաստանիւթին, դա COVAX FACILITY-ի երկրորդ պայմանագրին է, եւ հաշուի առնելով վարակման նոր դէպքերը, մեզ համար շատ կարեւոր էր հնարաւորինս շուտ ունենալ պատուաստանիւթ»,-ըսած է Սահակեանը եւ աւելցուցած, որ 24 000 պատուաստանիւթը ռիսքի խումբի համար է:
«Նախատեսում ենք Երեւանում ապրիլի 7-8-ից սկսել պատուաստումը, իսկ մարզերում կարող է մի փորք ուշանալ»,- ըսած է Սահակեանը, եւ մէջբերելով Եւրոպայի դեղերու գործակալութեան եւ ԱՀԿ-ի յայտարարութիւնները AstraZeneca-ի մասին, աւելցուցած է՝ գիտական տուեալները կը խօսին AstraZeneca-ի օգտին:
Ինչ կը վերաբերի «Սփութնիք V» պատուաստանիւթ ներկրելուն, Սահակեանն ըսած է, որ ՌԴ-ի հետ բանակցութիւնները չեն աւարտած, կարելի է ըսել՝ պայմանագիրը ստորագրուած է, կը սպասեն նոր խմբաքանակի: