image

Հայաստանի Եւ Վրաստանի Վարչապետները Ջաւախք Պիտի Այցելեն

Հայաստանի Եւ Վրաստանի Վարչապետները Ջաւախք Պիտի Այցելեն

 Հայաստան- Հայաստան  եւ Վրաստանի վարչապետները  Ջաւախք  պիտի  այցելեն: Այս մասին    յայտարարութիւն ըրած է ՀՀ  վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը:   Հայաստանի վարչապետը, որ խօսք առած է     Ծաղկաձորի մէջ ընթացք առած «Բազէ» ամէնամեայ ճամբարի բացման հանդիսութեան նաեւ  ըսած է, թէ երկու  երկիրներուն միջեւ  յարաբերութիւնները  զարգացման  կարեւոր փուլի մը մէջ են: Ան  նաեւ    յայտնած է, թէ    Հայաստան- Վրաստան  սահմանային հատուածին վրայ պիտի կառուցուի «բարեկամութեան» կամուրջ, որու  կառուցման  կարեւոր մէկ տոկոսը պիտի հոգայ  Վրաստանի կառավարութիւնը:  Վարչապետը նաեւ ըսած է,  թէ  մօտիկ յառաջիկային  ինք եւ  վրացի իր պաշտօնակիցը  Ջաւախք պիտի այցելեն: