Հայաստան- Հայաստան եւ Վրաստանի վարչապետները Ջաւախք պիտի այցելեն: Այս մասին յայտարարութիւն ըրած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը: Հայաստանի վարչապետը, որ խօսք առած է Ծաղկաձորի մէջ ընթացք առած «Բազէ» ամէնամեայ ճամբարի բացման հանդիսութեան նաեւ ըսած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացման կարեւոր փուլի մը մէջ են: Ան նաեւ յայտնած է, թէ Հայաստան- Վրաստան սահմանային հատուածին վրայ պիտի կառուցուի «բարեկամութեան» կամուրջ, որու կառուցման կարեւոր մէկ տոկոսը պիտի հոգայ Վրաստանի կառավարութիւնը: Վարչապետը նաեւ ըսած է, թէ մօտիկ յառաջիկային ինք եւ վրացի իր պաշտօնակիցը Ջաւախք պիտի այցելեն: