Վրաստանի մէջ երկու քաղաքական գործիչ՝ «Փոփոխութիւններու համար դաշինք»ի առաջնորդ Էլենէ Խոշթարիան եւ «Վրացական երազանքի» նախկին անդամ, ընդդիմադիր Կետեւան Փոփխաձէն հացադուլ յայտարարած են բողոքելով իշխանութիւններուն կողմէ ընդդիմադիր գործիչները կալանաւորելուն դէմ։
Այս մասին յայտնած է Sputnik գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը։
Հացադուլ իրականացնող աքթիվիսթներն իրենց բողոքի վայրն ընտրած են խորհրդարանի շէնքին մօտ գտնուող տարածքը։