Հայ ուխտաւորներն այցելած են Դադիվանքի հնագոյն վանական համալիր, կը հաղորդէ ՌԴ ՊՆ-ն։
Նշուած է, որ հայ ուխտաւորները ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ անարգել մտած են համալիրի տարածք:
«Դադիվանքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնագոյն քրիստոնէական վանքերէն է եւ կը գտնուի Քելբաջարի (Քարվաճառ) շրջանի տարածքին մէջ, որ, եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 2020 թուականի նոյեմբերին»,- աւելցուցած է ՌԴ ՊՆ-ն։
Ինչպէս նշուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ, ռուս խաղաղապահները նաեւ ապահոված են հայ ուխտաւորներու անվտանգութիւնը Ամարաս քրիստոնէական վանք այցելելու ժամանակ, որ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կողմերու սահմանազատման գիծի անմիջական հարեւանութեամբ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ