image

Յայտնի է, թէ  ով պիտի դառնայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հայաստանի մէջ նոր  դեսպանը 

Յայտնի է, թէ  ով պիտի դառնայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հայաստանի մէջ նոր  դեսպանը 

Հայաստանի մէջ Իրանի նոր դեսպան պիտի նշանակուի Խալիլ Շիրղոլամին, որ այդ պաշտօնին պիտի փոխարինէ ՀՀ-ի մէջ Իրանի գործող արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին, յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները։

Ըստ իրանեան Tasnim-ի Շիրղոլամին երբեւէ դեսպանի պաշտօն չէ զբաղցուցած, եւ ներկայիս Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային եւ քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավարի տեղակալն է։

ՀՀ-ի մէջ Իրանի գործող դեսպան Մեհտի Սոպհանին պիտի աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ։ Ան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած էր 2023-ին։ Սոպհանին արդէն հրաժեշտի հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, այդ շարքին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։