image

Հալէպը պիտի ապրի...(Տեսանիւթ)

  Հալէպը  պիտի ապրի...(Տեսանիւթ)

Առանց բռնազօսիկ ըլլալու, առանց թերացումի եւ առանց աւելորդութեան անոնք որ կարող են հասնիլ Հալէպին, հայկական Հալէպին թող մատուցեն իրենց լուման 

Գուցէ այդ լուման դառնայ բալասանը Հալէպի մեծ վէրքերուն, որ դարեր տեսած, դաւեր տեսած ու չխոնարհած քաղաք է։

Սուրիան հարուածած պատերազմի ամէնածանր օրերուն մասնաւորապէս հայ վերլուծողներու շրջապատին մէջ զարգացաւ այն գաղափարը, որ հայութիւնը ապ ու պապով, հինով ու նորով, ծերով ու երիտասարդով պէտք է թողնէ ամէն ինչ ու հեռանայ խորունկ ցաւերու մութ փապուղիէն անցնող Հալէպէն։

Եւ այսպէս աւելի քան մէկ դար անցուցած, սեւով ու սպիտակով գրուած Հալէպի հայոց պատմութիւնը պիտի դրուէր երկաթէ սեւ փականներով փակուած պահարանին մէջ ու դառնար Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան պատմութեան մէկ մասնիկը։ 

Եկեղեցիներ, վարժարաններ, ակումբներ, միութենական կամ հայրենակցական միութիւններու մեծ ու փոքր սրահներ պիտի լքուէին իրենց ճակատագրին ու դառնային հատուած մը այն ստուար հատորէն որ արեւմտահայութիւնը գրեց իր աշխատանքով ու քրտինքով։ Հոն կառուցեց ու կազմեց, սիրեց ու բնակեցուց, տուաւ, ցանեց ու յետոյ ալ այդ վար ու ցանքէն փունջ մը հասկ տուաւ այն հայագաղութներուն, որոնք կամաց-կամաց հասակ առին հասնելով մինչեւ հեռու հեռուներ՝ մինչեւ Աւստրալիա, Պրազիլիա եւ Ամերիկաներ։

 

Այս բոլորին զուգահեռ երկար գիշերէ մը անցնող հայաշունչ Հալէպը չարթնցաւ իր տարաժմէն։ Ամէնուրեք ցաւ ու տագնապ, ամէնուրէք ահ եւ մոլորածութիւնը ու կարծէք հայութիւնը վիրաւոր դարձուցած 1915-ի պատկերները եկան կրկնուելու, երբ հալէպահութեան ստուար մէկ հատուածը հեռացաւ իր ծննդավայրէն իր ետին թողնելով սէր ու պատմութիւն, կարօտ եւ վերյուշ այս անգամ «գաղթականի ցուպ»ը դարձնելով աւելի թախծոտ, աւելի տխուր եւ ամէնվատը աւելի անորոշ։

 Աւելի ուշ եւ յատկապէս թուականէն սկսեալ Հալէպը, ինչպէս ամբողջ Սուրիան սկսան ապրիլ համեմատական խաղաղ օրերու բովին մէջ եւ նոր օրերու յոյսի արշալոյսը սկսաւ իր թեւերը բանալ վիրաւոր Հալէպին վրայ։ 

Ու ապա ինչպէս բոլորս գիտենք եկան աւելի բարդ օրեր, Քովիտի համավարակ, տնտեսական ծանր պատիժներ ու զրկանքներ մէկ խօսքով Հալէպը աքցանի մը մէջ առնող բազմերանգ օղակներու անվերջանալի շարան մը, որուն վերջին մէկ արարը եղաւ Թուրքիան հարուածած աղէտալի երկրաշարժին ցնցումը, որ հայկական ոգիով ու կենսունակութեամբ ապրող Հալէպին բերաւ տխուր վայրկեաններ։

Ու այս բոլորին զուգահեռ միշտ լսելի դարձան ձայներ, որոնք կը խօսէին Հալէպը արագօրէն դատարկելու մասին, մոռնալով որ նոյն այդ քաղաքը եղած է արեւմտահայութեան վերստեղծման իրական ամրոց եւ կենսատու հող։

Ամէն պարագայի այսօրուան բարդ օրերուն ինչ կը խորհին այն հալէպահայերը իրենց ծննդավայրին ու հայրենակիցներուն մասին, ըլլալով միշտ անկեղծ եւ հոգատար։

Այսքանը ներկայցանելէ յետոյ պարտք կը համարենք շեշտել, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները Հալէպն ու Մերձ. Արեւելքի կապոյտ աւազանին վրայ ապրող շէները պարտաւոր են ապրիլ։ Մարդիկ, հայրենակիցներ անշուշտ ազատութիւնը ունին հեռանալու իրենց իրւրային համարուող շէները, բայց եւ այնպէս ի գին մեծ զոհողութիւններու որպէս արեւմտահայոց առաջին դարպասի իրական վկայարան Հալէպը պիտի ապրի։

 Առանց բռնազօսիկ ըլլալու, առանց թերացումի եւ առանց աւելորդութեան անոնք որ կարող են հասնիլ Հալէպին, հայկական Հալէպին թող մատուցեն իրենց լուման 

Գուցէ այդ լուման դառնայ բալասանը Հալէպի մեծ վէրքերուն, որ դարեր տեսած, դաւեր տեսած ու չխոնարհած քաղաք է։

 

 «Արեւելք»