image

Աղէտեալ Հալէպը. երկրաշարժ, կորուստներ եւ «պատիժներ»

Աղէտեալ Հալէպը. երկրաշարժ, կորուստներ եւ «պատիժներ»

Դժուար է խօսիլ երկրաշարժին մասին, իսկ աւելի դժուար է խօսիլ հայկական Հալէպին մասին։ Պատճառը միայն 2011 թուականին ծայր առած արիւնալի պատերազմը չէ, այլ այսօր մեր հայրենակիցներուն ապրած հոգեկան ծանր ու մշուշոտ իրավիճակն է։ Եւ իրօք, քիչ չեն այն հալէպահայերը, որոնք վկայութիւն մը տալով պատահածին վերաբերեալ՝ կը նշեն, որ երկրաշարժը շատ աւելի ծանր ու սարսափելի էր, քան 13 տարի տեւած ու տակաւին չվերջացած պատերազմը։ Ինչ կը վերաբերի թիւերուն, ապա աւելի քան պարզ է, որ Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը, որուն մեծ ազդեցութիւնները տարածուեցան ու հասան մինչեւ Հալէպ, պատճառ դարձած է ահաւոր կորուստներու եւ յայտնի է, որ այդ թիւերը աւելի եւս պիտի աճին։

Զոհուածներու թիւեր, վիրաւորեալներու թիւեր, փլուզուած շէնքերու եւ անհետ կորսուածներու թիւեր… Այս բոլորը յարափոփոխ վիճակ մը ունին ու ցաւալի է, որ այս փոփոխական վիճակին մէջ ամենածանր ճշմարտութիւնն ու մնայուն իրականութիւնը այս աղէտի տարածած ցաւն է։

Ամէն պարագայի, Սուրիա ունի ծանրագոյն խնդիրներ, որոնք աւելիով նշմարելի դարձան բնութեան այս չար կատակէն ետք։ Ինչ կը վերաբերի ընդհանրական պատկերին, աւելի յստակ կերպով ներկայացնելու համար Հալէպի այս օրերը զրոյց մը ունեցանք հալէպահայ գրող Յակոբ Նալպանտին հետ, որ ուշագրաւ տուեալներ հաղորդեց մեզի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

 

*

-Ի՞նչ են 6 փետրուարին Թուրքիան հարուածած եւ Հալէպի մէջ ալ զգացուած երկրաշարժի վերջին տուեալները։ Ի՞նչ տեղեկութիւն ունիք Սուրիոյ զոհերու եւ վիրաւորներու վերաբերեալ:

Ըստ Սուրիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրներուն՝ մինչ այժմ կայ աւելի քան 3 հազար զոհ եւ տասնեակ հազար վիրաւորներ։ Ցաւօք, թիւերը ժամ առ ժամ կ՚աճին։

 

-Գիտենք, որ հայկական կառոյցները վնասուեցան։ Ինչպիսի՞ն են գնահատականները այդ առումով եւ որո՞նք են վնաս կրած վայրերը կամ կառոյցները։

Բարեբախտաբար, հայկական թաղամասերը (բնակելի շէնքերու մասին է խօսքը) մեծ վնասներու չենթարկուեցան, փոքր են վնասները. կան փոքրիկ ճեղքեր, որոնք անվտանգ են, նաեւ քարեր ինկած են: Հին Հալէպ կոչուած թաղամասին մէջ, ուր կայ Հայոց Ազգային առաջնորդարանը, Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ զանգակատունը վնասուած է եւ բարեբախտաբար մեծ վնասներ չեն եղած: Կիլիկիա երկրորդական վարժարանը, որ դարձեալ հին Հալէպի մէջ կը գտնուի, ունի վնասներ: Հետաքրքրական է, որ հին Հալէպի սոյն կառոյցները պատերազմի հետեւանքով փլատակ էին, հազիւ վերանորոգուած եւ իրենց նախկին հմայքը ստացած էին, սակայն հիմա ալ այս բնական աղէտի ենթարկուեցան: Կրնանք ըսել, որ բարեբախտաբար վնասները մեծ չեն հայկական թաղամասերուն մէջ:

 

-Նկատեցինք, որ յատկապէս Հալէպի մէջ մեծ եղաւ այս մահաբեր երկրաշաժին ազդեցութիւնը՝ պարզապէս այն պատճառով, որ փլուզուած շէնքերը պատերազմէն կերպով մը «փրկուած»ներն էին: Արդեօք ի՞նչ են պատճառները, թէ այսքան շէնքեր փուլ եկան Հալէպի մէջ:

Այստեղ կ՚ուզեմ հայկական հին առած մը մէջբերել. «Անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք»: Այո՛, ճիշդ նկատած էք: Հալէպի շէնքերը 12 տարի ենթարկուեցան սարսափելի ռմբակոծման, որ, անշուշտ, այդ մէկը իր բացասական ազդեցութիւնը կը ձգէ շէնքերու հիմքերուն վրայ եւ եթէ այդ շէնքերը յատուկ չափանիշներու համապատասխան չեն, կը փլին: Յատկապէս Սուրիոյ երկրաշարժը, ինչպէս տեսաք, որքա՛ն ուժգին էր։ Իմ կարծիքով՝ բարեբախտութիւն էր, որ Հալէպ դարձեալ փրկուեցաւ, քանզի 7.6 սաստկութեամբ երկրաշարժը հսկայ եւ ուժգնութեամբ բարձր է։ Փաստօրէն ամուր քաղաք մըն է Հալէպը, որ դիմակայեց եւ նուազագոյնով անցուց աղէտը: Անշուշտ, այն շէնքերը, որոնք առհասարակ կը գտնուին արաբական արուարձաններու աղքատ թաղամասերու մէջ եւ կառուցուած են ապօրինի ձեւով կամ հիմքերը խախուտ են, դըժ-բախտաբար, խեղճ ժողովուրդին գլխուն վրայ փուլ եկան:

 

-Գիտենք, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները քրտնաջան աշխատանք կը տանին՝ փրկելու համար փլատակներուն տակ մնացածները, սակայն այդ ճիգերը չեն արդիւնաւորուիր ինչ-ինչ պատճառներով: Կրնա՞ք այդ մասին հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացնել:

Սուրիոյ կառավարութիւնը, պետութիւնը երկրաշարժէն ետք անմիջապէս, նախագահ Պէշար Էսատի գլխաւորութեամբ, արտակարգ իրավիճակ յայտարարեց Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Համայի մէջ, նաեւ իր շատ սահմանափակ կարողութիւնները ի ճիգ դրաւ: Գիտէք, Սուրիան 12 տարիէ ի վեր հիւծուած երկիր մըն է պատերազմի հետեւանքով։ Քաղաքապետարաններու հնարաւորութիւնները շատ սահմանափակ են։ Փրկարարական աշխատանքներու համար մարդիկ իրենց ձեռքերով սկսան աղիւսները փորել եւ սա շատ ցաւալի էր։ Անոնք որոշ տեղեր արդիւնքներու հասան, իսկ ուրիշ տեղեր չկրցան հասնիլ: Կը յուսանք, թէ պետութիւնը իր առաւելագոյնը կը կատարէ: Այսօր Հալէպի մէջ վառելիքի պակասը, մեքենաներու պակասը եւ այլն, այս բոլորը բացասական կ՚ազդեն՝ աղէտեալներու եւ ողջ մնացածները փրկելու գործընթացին վրայ։

 

-Մեր վերջին տուեալները կը յուշեն, որ արդէն երկու օրէ ի վեր հայկական համայնքի անդամները, որոնցմէ շատերուն տուները վնասուած են, կը գիշերեն տարբեր հայկական կեդրոններու մէջ: Այդ մասին ի՞նչ են վերջին տուեալները. ի՞նչպիսի օժանդակութեան կարիք ունին: Ի՞նչ են այսօր հալէպահայութեան հիմնական մարտահրաւէրները:

Ինչ կը վերաբերի մեր համայնքային կեանքին, երեք առաջնորդարանները անմիջապէս միացան իրարու, ինչ որ գնահատելի է։ Մեր երիտասարդութիւնը ձեռքով-ոտքով գործի մղուեցաւ, բացուեցան ակումբները, դպրոցները, եկեղեցիներու սրահները՝ հիւրընկալելու համար յատկապէս այն հայրենակիցները, որոնց բնակարանները վնասուած կամ վտանգի ենթակայ են։ Մարդիկ ընդհանրապէս կը նախընտրեն իրենց ինքնաշարժներուն մէջ գիշերել՝ բաց տարածքներ երթալով: Արդէն 4-րդ գիշերն է, որ մեր հայրենակիցները իրենց տուներէն դուրս կը գիշերեն, որովհետեւ կը վախնան յետցնցումներէն, որոնք թէեւ աւելի թոյլ ուժգնութեամբ են, բայց տակաւին կը շարունակուին։ Եւ որքան շատ յետցնցում ըլլայ, այնքան լաւ է, որովհետեւ սորվեցանք, թէ յաջորդ մեծ երկրաշարժի մը հաւանականութիւնը կը նուազի:

 

-Խօսեցանք, ակնարկեցինք մարտահրաւէրներու մասին: Համասփիւռքեան, համահայկական առումով ի՞նչ կ՚ակնկալեն հալէպահայերը։

Գնահատելի է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան արագ եւ կողմնորոշուած քայլը՝ անմիջապէս փրկարարներ ուղարկելով Հալէպ։ Այդ փրկարարներուն խիստ կարիքը կայ, որովհետեւ ներկայիս արհեստավարժ խումբերու բացը ունի Սուրիան: Հայ փրկարարները հասան նոյնիսկ Թուրքիա, սա գնահատելի քայլ է, մարդասիրական քայլ է։ Բոլոր բարդոյթները մէկդի դնելով պէտք է իրարու ձեռք մեկնեն ժողովուրդները: Նոյնը կրնայ Հայաստանին ալ պատահիլ եւ չեմ կասկածիր, որ ուրիշներ ալ նոյն քայլին կը դիմեն: Կը կարծեմ, թէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր աշխոյժ ներդրումը պէտք է կատարէ հալէպահայ համայնքի կարիքները հոգալու ուղղութեամբ։

 

-Սուրիա ենթարկուած է պատժամիջոցներու եւ կարեւոր հարց է, որ այդ օղակուած վիճակը կը խանգարէ օգնութիւններու Հալէպ հասնիլը: Այսօր այդ առումով ի՞նչ ճիգեր կան եւ ինչպէ՞ս Հալէպ կը հասցուին արաբական զանազան երկիրներու օժանդակութիւնները:

Գիտէք, Սուրիա միջազգային շրջափակման մէջ կը գտնուի 12 տարիէ ի վեր, բայց այս մէկը երբեք չխանգարեց արաբական աշխարհի մեր եղբայրները, որպէսզի անմիջապէս իրենց ձեռքը մեկնեն: Շատ գնահատելի է յատկապէս Ալճերիոյ, Թունուզի, Իրաքի քայլերը: Իրաքը տարբեր տեղ ունի սուրիացիներու սրտերուն մէջ: Պարսից ծոցի երկիրները կ՚ուզեն հասնիլ օգնութեան: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Սէուտական Արաբիան կ՚ուզեն օդային կամուրջ մը ստեղծել Սուրիոյ հետ։ Եգիպտոսն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց այս կապակցութեամբ: Չինաստան իր ձեռքը մեկնեց՝ փաստօրէն կտրելով միջազգային շրջափակումը: Հնդկաստան նաեւ ձեռք պիտի մեկնէ: Ռուսաստան ձեւով մը պիտի օգնէ, մեր բարեկամ Իրանը նոյնպէս: Կը կարծեմ, թէ սա պիտի շարունակուի եւ Եւրոպան ալ պիտի հասնի օգնութեան: Ես երէկ լսեցի Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութիւնը, որու մէջ կային միջազգային հանրութեան ուղղուած ծանր մեղադրական խօսքեր՝ Սուրիան «կլանած» պատժամիջոցներուն կապակցութեամբ։

 

-Քաղաքական առումով այս բոլորը Սուրիոյ վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ: Արդեօք քաղաքական նոր գործընթացներու ականատես պիտի դառնա՞նք:

Ես կը կարծեմ, թէ ներկայիս քաղաքական վերլուծութիւններու ժամանակը չէ: Կ՚երեւի դրական ազդեցութիւն մը պիտի ձգէ այս մարդկային աղէտը, աշխարհի աչքերը պիտի բացուին՝ ինչպէս Պօղոս առաքեալի աչքերը բացուեցան ժամանակին, երբ Դամասկոսէն փախուստի դիմեց: Կը յուսամ, որ միջազգային հանրութիւնը խելք հաւաքէ եւ հասունութիւն ցուցաբերելով վերջ տայ այս ծանր շրջափակման, որ բացասականօրէն ահաւոր ձեւով ազդած է Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ: Բոլոր բնագաւառներէ ներս բացասական ազդեցութիւն թողած է միջազգային այս շրջափակումը, ինչ որ 21-րդ դարուն տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ: Յուսանք բոլորը խելքի  գան, որպէսզի վերջ ի վերջոյ մարդկութիւնն ու մարդասիրութիւնը յաղթեն:

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս