 
                    Հալէպի ծայրամասային շրջաններու՝Շէյխ Մաքսուտի եւ Էշրէֆիէի թաղամասերուն մէջ անցնող օրերուն ընթացքին բախումները նոր թափ առին՝ սպանութիւններով եւ վիրաւորներով։ Այդ կողմերուն միջեւ պայքարը, ինչպէս նաեւ տեղական «ինքիշխանութիւն հաստատած քրտական ուժերուն եւ Դամասկոսի միջեւ ձգձգուող առճակատումները, կը յուշեն, թէ հակամարտութիւնը Հալէպի հիւսիսային գօտիներուն մէջ դարձեալ վերածուած է լայնածաւալ քաղաքական եւ ռազմական ճգնաժամի։
Կրակի դադրեցման հիմքերն այս անգամ միայն տեղական չէին․ անոնք կը խարսխուին միջազգային միջամտութեան, արտաքին ճնշումներու եւ խորացող տարածաշրջանային շահերու վրայ։
Քանի մը ժամեր տեւած բախումները մեծ սարսափ սփռեցին ամբողջ Հալէպի մէջ ու հաւանական պատճառը այդ ահ ու սարսափին այն էր, որ մարդիկ մեծ հաշուով «մոռցած» էին, որ օր մը օրանց դարձեալ կիսա-պատերազմական դրութիւն մը երեւելի պիտի ըլլար Հալէպի մէջ։
Ինչ կը վերաբերի այդ բախումները իրենց սաղմին մէջ «զսպել»ու հաւաքական որոշումին, ապա այն կը վերագրուի յատկապէս երկրի իշխանութիւններուն, հետեւաբար նաեւ Սուրիոյ օրինական բանակին ու այդ զսպումի քայլով էր անշուշտ, որ Դամասկոսի կառավարութիւնը ի ցոյց կուտար իր քաղաքացիներուն եւ միջազգային հանրութեան, թէ իրենք պատրաստ են ամէն գնով նստիլ բանակցութեանց սեղանին ։ Այս միտումը միաժամանակ կը բխէր երկու կարեւոր մտահոգութիւններէ՝ ռազմական բեռի թեթեւացում եւ քաղաքական վերահսկողութեան վերականգնում։
Միւս կողմէւ չպէտք է անտեսել, որ կրակը դադրեցնելու առընթեր ամերիկեան միջամտութիւը ունեցաւ որոշիչ եւ կարեւոր դեր մը։Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան Թոմ Պարաքի եւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու (Քասատ) առաջնորդ Մազլում Ապտիի Դամասկոսի մէջ ունեցած հանդիպումները, ապա ամերիկացի ներկայացուցիչներու՝ Դամասկոս այցելութիւնը եւ հանդիպումները Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ, ցոյց տուին, որ Միացեալ Նահանգները այս անգամ նպատակ ունի անմիջական գործակից դառնալու՝ բռնութիւնը զսպելու եւ երկխօսութիւնը պահպանելու նպատակով։Այդ միջամտութիւնը, որքան ալ ներկայացուի իբրեւ «պաշտպանական քայլ», իրականութեան մէջ կը ծառայէ նաեւ ամերիկեան ազդեցութեան վերաստեղծման՝ տարածաշրջանային երկարաժամկէտ ծրագրերու մէջ։
Ինչ կը վերաբերի ռուսական դերակատարութեան, ապա այդ մասին կարող ենք դիտարկել, որպէս «մեծցող» ու թարմ ճիգ մը, որուն մէջ սակայն «վճռականութեան տարրեր» աւելի քիչ են։ Մոսկուան ի վերջոյ ինքզինք կը համարէ Սուրիոյ մէջ բաւական վիրաւորուած եւ այդ պատճառով ալ յայտնուած բարդ դրութեան մը մէջ։ Իսկ պաշտօնական Դամասկոս կը շարունակէ մեծ յոյսեր ունենալ Մոսկուայի ռազմական աջակցութեան վրայ՝ բանակի վերակազմաւորման եւ սպառազինութեան առումով։
Ի դէպ ռուսական աջակցութիւնը չի բաւեր ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, որ պէտք է հիմնուի տեղական համաձայնութիւններու եւ համայնքային երաշխիքներու վրայ։ Մոսկուա կը փափաքի պահել Սուրիոյ վրայ իր մասնակի ազդեցութիւնը, սակայն անոր լուծումները ունին զինուորական բնոյթ ունին, քան քաղաքական։
Միւս կողմէ «Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր»ու՝ SDF-ի եւ Դամասկոսի միջեւ առկայ 10 Մարտի համաձայնագիրը մինչեւ օրս ամբողջութեամբ չի կիրարկուած։ Այդ փաստը ուղղակի կը խոչընդոտէ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումը։ Քրտական կողմը կը պահանջէ ոչ միայն զինուորական կարգաւորման երաշխիքներ, այլեւ վարչատարածքային ինքնավարութեան եւ քաղաքական մասնակցութեան իրաւունքներ։ Դամասկոսի համար, սակայն, քրտական ինքնավարութեան ընդունումը կը հակասէ իր ընդունած եւ որդեգրած պետական վարչաձեւին։
Նախագահ Ահմատ Շարըհին համար մեծագոյն հարցերէն մէկն է քիւրտերու ունեցած զէնքի եւ «տեղական ինքնավարութեան» խնդիրը, որ գոյութիւն ունի ոչ միայն Հալէպի մերձակայ շրջաններուն մէջ, այլ կը տարածուի մինչեւ հիւսիսային սահմանային գօտիները։ Մի քանի ձախող փորձերէ ետք Շարըհ կը փորձէ նոր իրավիճակ ստեղծել Տէր Զօրի, Այն Արապի եւ Գամիշլիի նման գօտիներուն մէջ։ Սակայն մինչեւ հիմա սուրիական բանակը, հակառակ որոշ բարեփոխումներու, չունի բաւարար ներուժ այդ գօտիներուն մէջ տարածելու համար իր ամբողջական տիրապետութիւնը։
Այս բոլորը հաշուի առնելով, հարկ է նշել, Հալէպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ եղած բախումները յստակօրէն ցոյց տուին, որ Սուրիոյ պատերազմը արդէն դուրս եկած է դասական ռազմական շրջանակներէն եւ տեղափոխուած է նոր քաղաքական դաշտ՝ բազմաշերտ ներգործութիւններով։ Տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային շահերու խաչմերուկին մէջ, այս փոքր հրադադարը դարձաւ կենսական փորձմը, որ պիտի չափէ եւ սահմանագծէ՝ Դամասկոսի իշխանութեան ճկունութիւնը, քրտական կառոյցներու պատասխանատուութիւնը եւ անշուշտ արտաքին ուժերու ազդեցութեան սահմանները։
Թուրքիոյ տեսակէտը. նոր զարգացումներ՝ Հաքան Ֆիտանի յայտարարութեամբ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, սուրիացի իր գործընկեր Ասհատ Շիպանիի հետ Անգարայի մէջ, իր ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, յայտնեց, թէ Թուրքիա եւ Սուրիա համաձայնութեան հասած են «ոչնչացնել իւրաքանչիւր սպառնալիք՝ իր սաղմին մէջ»։
Շիպանի իր կարգին վերահաստատեց իր երկրի մերժումը «Սուրիոյ բաժանումին եւ մասնատման որեւէ ձեւի հանդէպ», աւելցնելով, թէ «Սուրիան պիտի չբաժնուի ոչ մէկ պատրուակով եւ ոչ մէկ քաղաքական շրջանակի ներքոյ»։ Ան ընդգծեց նաեւ Թուրքիոյ ունեցած «մեծ դերակատարութիւնը եւ լայն աջակցութիւնը Սուրիոյ ընթացիկ անցումային փուլին մէջ», նշելով, թէ նոր իշխանութիւնը «մի քանի ամիսներու ընթացքին արդէն զգալի առաջընթաց արձանագրած է տարբեր ոլորտներու մէջ»։
Շիպանին անդրադարձաւ նաեւ «Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու» (Քասատ) խնդրին, նկատելով, որ ««Քասատ» դանդաղ ընթացքով կը գործադրէ 10 Մարտի համաձայնութիւնը, որ մինչեւ հիմա կը մնայ թուղթին վրայ», եւ կոչ ուղղեց այդ «Քասատ»ին «կատարել իր պարտաւորութիւնները»։
Ֆիտան իր կարգին հաստատեց, թէ «ժամանակն է պարտադրել «Քասատ»ին լիարժէք կերպով կիրարկել 10 Մարտի համաձայնութիւնը» աւելցնելով, թէ «կ՛ուզենք, որ «Քասատ»ի ներգրաւումը քաղաքական գործընթացներուն մէջ պէտք է ըլլայ բացառապէս խաղաղ միջոցներով»։
Ֆիտան նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիա «պիտի չթոյլատրէ որեւէ ուժի՝ խաթարելու Սուրիոյ կայունութիւնը», եւ զգուշացուց, թէ «Սուէյտայի անկայունութիւնը կրնայ փոխանցուիլ այլ շրջաններու»։ Ան աւելցուց. «Չենք ուզեր, որ Սուէյտայի հարցը կրկնուի Սուրիոյ հարաւի բոլոր քաղաքներուն մէջ։ Մենք չենք փափաքիր, որ Սուրիան դառնայ ելակէտ ուրիշներուն վնասելու համար», իսկ իսրայէլեան յարձակումները նկատեց՝ «Սուրիոյ առջեւ կանգնած ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը»։ Ըստ անոր՝ «Սուրիոյ անվտանգութեանը վտանգող տարրերը, ինչպէս «Քասատ»ը, նոյնպէս կը սպառնան Թուրքիոյ անվտանգութեան, եւ Անգարան պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Դամասկոսի կառավարութեան՝ «ԻՇԻՊ»ի դէմ պայքարին առումով»։
Այս բոլորն անշուշտ պէտք է կարդալ ու դիտարկել, թէ Անգարա եւ Դամասկոս այժմ կ՚աշխատին փոխադարձաբար՝ սահմանային գօտիներուն մէջ անվտանգութեան վերահսկողութեան եւ քրտական խմբաւորումներու զսպման ուղղութեամբ։ Այս մօտեցումը, սակայն, իր մէջ կը պարունակէ վտանգաւոր պարագայ մը՝ քրտական համայնքներուն մէջ աւելիով խորացող անվստահութիւն եւ քաղաքացիական լարուածութեան առընթեր։
Ի վերջոյ Անգարա կը փորձէ վերականգնել իր ազդեցութիւնը Սուրիոյ պետական կառոյցներուն հետ, բայց նաեւ սահմանել նոր «կարմիր գիծեր», որոնք թոյլ չտան քրտական ուժերուն վերակազմուիլ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գօտիներուն մէջ։
Եզրակացութիւն
Հալէպի մէջ կրակի դադարեցումը այս անգամ կարելի է դիտել իբրեւ բազմաշերտ քաղաքական զարգացում, ուր ներգրաւուած են ամերիկեան, ռուսական եւ թրքական շահեր։ Թէեւ հրադադարը ինքնին ժամանակաւոր կայունութիւն ապահովեց, սակայն խաղաղութեան իրական հորիզոնը տակաւին մշուշոտ է։ Դիւանագիտական միջամտութիւնները եւ արտաքին ճնշումները կրնան կանխել բռնութեան կրկնութիւնը, բայց չեն կրնար փոխարինել ներքին համաձայնութեան եւ արդար քաղաքական համահունչութեան բացակայութիւնը։
Ի վերջոյ, եթէ Սուրիոյ իշխանութիւնը չկարողանայ ստեղծել ներքին երկխօսութեան նոր ձեւաչափ՝ քրտական եւ այլ համայնքներու մասնակցութեամբ, ապա այսօր «մարած կրակ»ը վաղը կրնայ կրկին բորբոքիլ։ Ի վերջոյ խաղաղութիւնը պէտք է կառուցուի ոչ թէ միայն զէնքով, այլ վստահութեամբ, արդարութեամբ եւ ներքին պատասխանատուութեամբ։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս