image

Հոգեգալուստը Երուսաղէմի մէջ. Սուրբ Պատարագը մատոյց՝ Գերշ. Տ. Կորիւն եպս. Բաղդասարեան

Հոգեգալուստը Երուսաղէմի  մէջ. Սուրբ Պատարագը մատոյց՝  Գերշ. Տ. Կորիւն եպս. Բաղդասարեան

Տօնի առաւօտուն, Կիրակի, 31 Մայիս, 2026-ին, առաւօտեան ժամը 8:45-ին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի, գնաց Սիոնի Վերնատուն, ուր Ճաշու ժամերգութենէ ետք տօնի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց հանդիսապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան: 

Շաբաթ, 30 Մայիս, 2026-ին, յետ Երեկոյեան ժամերգութեան, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Սրբազան Հօր կատարուեցաւ Հոգեգալստեան տօնի նախատօնակը:

Գիշերասկզբին, ժամը 19։00-ին, Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցան «Եկեսցէ»-ի եւ Հսկման կարգեր նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ․ Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի:

Տօնի առաւօտուն, Կիրակի, 31 Մայիս, 2026-ին, առաւօտեան ժամը 8:45-ին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի, գնաց Սիոնի Վերնատուն, ուր Ճաշու ժամերգութենէ ետք տօնի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց հանդիսապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան: 

Հոգեգալստեան տօնը լրումն է Տէրունական տօներու: Այս տօնը կը կոչուի նաեւ Պենտեկոստէ, որ յունարէն բառ մըն է եւ կը նշանակէ յիսուներորդ: Տօնը այսպէս կը կոչուի, քանի որ Հեգեգալուստը տեղի ունեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Յարութենէն յետոյ, 50-րդ օրը:

 

Քանի մը լուսանկարներ՝ Shmulik Cohn