Հորմուզի նեղուցի սահմանափակման եւ տարածաշրջանի նաւթակազային կառոյցներու թիրախաւորման հետեւանքով աշխարհին մէջ հասունացող ուժանիւթային ճգնաժամի լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգները որոշում կայացուցած է ժամանակաւորապէս վերացնելու իրանական նաւթի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները։ ԱՄՆ-ի ֆինանսներու նախարարը տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ-ը արտօնած է իրանական այն նաւթի եւ նաւթամթերքի փոխադրումը, որոնք արդէն բեռնուած են նաւերու վրայ։
«Այս նաւթը նախատեսուած էր ցած գիներով վաճառել Չինաստանին։ Պատժամիջոցներու վերացումը պիտի արտօնէ, որ անոնք մուտք գործեն համաշխարհային շուկաներ։ Խօսքը մօտաւորապէս 140 միլիոն պարէլի մասին է»,– նշած է Սքոթ Պեսենթը։
Իրանական նաւթի մատակարարումներու արտօնագիրը ուժի մէջ պիտի մնայ մէկ ամիս։ Ուաշինկթըն ժամանակաւորապէս թուլցուցած է նաեւ ռուսական նաւթի նկատմամբ գործող պատժամիջոցները՝ նաւթի գիներու աճը կանխելու համար։