Կիպրոսի Խորհրդարանէն ներս Հայկական Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանի էջ-էն տեղեկացանք
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան պատմութեան եւ ժառանգութեան նուիրուած նոր Յուշամատեանի լոյսընծայման առիթով, Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Նախագահական Պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր շնորհանդէս։
Ձեռնարկը առիթ մը պիտի հանդիսանայ վերարժեւորելու Մելգոնեանի կրթական ու ազգային վաստակը, ինչպէս նաեւ միաւորելու նախկին սաները, բարեկամներն ու հայ համայնքի անդամները։ Շնորհանդէսին մասնակցող բոլոր ներկաները պիտի ստանան Յուշամատեանին մէկական օրինակ՝ իբրեւ յիշատակի նուէր։