image

Ընտրողներու ընդհանուր թիւը 2.485.851 է

Ընտրողներու ընդհանուր թիւը 2.485.851 է

«ՀՀ ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 8-րդ յօդուածի 7-րդ մասի համաձայն`Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ժամանակ՝ քուէարկութեան նախորդ օրը, բնակչութեան պետական գրանցամատեանը վարող Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ լիազօրուած լիազօր մարմինը կը հրապարակէ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու գրանցամատեանին մէջ ընդգրկուած ընտրողներու ընդհանուր թիւը` նշելով նաեւ ըստ գտնուելու վայրի, նախընտրած վայրի, եւ հաշուառում չունեցող ընտրողներու, ընտրական տեղամասեր գործուղուող ոստիկանութեան ծառայողներու, բուժում իրականացնող բժշկական հաստատութեան մէջ գտնուող ընտրողներու ընդհանուր թիւը, յայտնած են ՀՀ ներքին գործոց նախարարութենէն։

2026 թուականի յունիս 7-ին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քուէարկութեան նախորդ օրուան դրութեամբ՝ ՀՀ ընտրողներու գրանցամատեանին մէջ ընդգրկուած ընտրողներու ընդհանուր թիւը կազմած է 2.485.851, որմէ ըստ գտնուելու վայրի ընտրական տեղամասերուն մէջ ընդգրկուած ընտրողներու թիւը՝ 22734, հաշուառում չունեցող ընտրողներու թիւը՝ 492, ընտրական տեղամասեր գործուղուող ոստիկանութեան ծառայողներու թիւը՝ 5239, բուժում իրականացնող բժշկական հաստատութեան մէջ գտնուող ընտրողներու ընդհանուր թիւը՝ 627, տեղաշարժման դժուարութիւն ունեցող ընտրողներու թիւը՝ 8: