image

Հալէպի հայկական դպրոցները բաց կը պահեն իրենց դռները. Աղբիւր

Հալէպի հայկական դպրոցները բաց կը պահեն իրենց դռները. Աղբիւր

Հալէպի հայկական դպրոցները բնականոն կերպով կը շարունակեն իրենց դասաւանդութիւնները: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւնը ճշդեց Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը այս առաւօտ փոխանցեց, որ հակառակ առկայ բոլոր դժուարութիւններուն, հայկական դպրոցները այսօր բաց են, եւ հայ աշակերտութիւնը սովորականին պէս կը պատրաստուի դպրոց ներկայանալ:

Նշենք, որ անցնող երկու օրերուն Դիմատետրի տարբեր էջերուն վրայ գրութիւններ հրապարակուած էին, որոնց հեղինակները (շատ հաւանաբար ծնողներ), զուտ ապահովական մտավախութիւններէ մղուած, պատկան մարմիններէն կը պահանջէին քանի մը օրուան համար փակել հայկական դպրոցներու դռները:

Անցեալ ուրբաթ օր ծանր օր մը եղած էր Հալէպի կրթական ոլորտին համար: «Ալ Ֆըրքան» թաղամասի վարժարանները դարձած էին ահաբեկիչ զինեալներու թիրախ, ուր հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած էին 7 աշակերտերներ եւ վիրաւորներուն թիւը անցած էր 30-ը:

Ստորեւ կը տեղադրենք Դիմատետրի էջերով շրջանառութեան մէջ եղած եւ պատկան մարմիններուն՝ հայկական վարժարանները փակելու խնդրանքով տարածուած տեղեկութիւնը: