«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վճռորոշ ձայն ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան հարցում»․ իր դիմատետրեան էջին գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Մայիս 30-ի վաղ առաւօտէն Փաշինեանը մէկը միւսի ետեւէն գրառումներ ըրած է դիմատետրի մէջ՝ ուղղուած Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան դէմ։ Փաշինեանը իր ձեւակերպումներով վիճարկած էր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականներու հաւատարմութիւնը կուսակրօնութեան սկզբունքներուն։
Վարչապետը գրառումները շարունակած է նաեւ երեկոյեան ժամերուն․ իր հերթական գրառմամբ ան շեշտած է, որ «Կաթողիկոսի թեկնածուները պէտք է անցնին բարեվարքութեան ստուգում» եւ որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վճռորոշ ձայն ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան հարցով»։
«Այս հարցը մէկընդմիշտ պէտք է լուծել»,- գրած է Փաշինեանը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚ընտրէ Ազգային-եկեղեցական ժողովը, որու անդամներն են Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները, թեմերու առաջնորդները, Հայրապետական պատուիրակները կամ անոնց տեղապահները, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները, չորսական ներկայացուցիչ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութենէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն, նոյնքան նաեւ՝ Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւններէն: Ոչ կառավարութիւնը, ոչ Ազգային ժողովը որըւէ մասնակցութիւն կ՚ունենան ընտրութեան։