Թէ ինչու Սիւնիքի մէջ մինչեւ հիմա չի գործեր Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, պէտք է ճշդել հայկական կողմէն, այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան` պատասխանելով հարցին, թէ երբ պիտի բացուի Կապանի մէջ հիւպատոսութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ Կապանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հյուպատոսութիւն բանալու հարցը մանրամասնօրէն քննարկուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի`Հայաստան կատարած այցի ժամանակ։
«Պէտք չէ մեզ համոզել այդ տարածաշրջանին մէջ հնարաւորինս շուտ հիւպատոսութիւն բանալու անհրաժեշտութեան հարցով: Առայժմ Կապանի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսութիւն չկայ, ուստի այդ հարցի բացատրութեան վերաբերեալ պաշտօնական դիրքորոշում ստանալու համար պէտք է դիմել հայկական կողմին», -ըսած է Զախարովան:
Յիշեցնենք, որ երէկ Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, որ Գորիսի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսութիւն պիտի բացուի: