Մայիս 30-ին՝ ժամը 22:34-ին, ՆԳՆ ոստիկանութիւն «Աստղիկ» հիւանդանոցէն հաղորդած են, որ պատռուած վէրքով բուժօգնութեան դիմած է Երեւանի Յաղթանակ թաղամասի բնակիչ 32-ամեայ տղամարդ: Այս մասին յայտնած են ՆԳՆ ոստիկանութենէն:
Համայնքային ոստիկանութեան Մալաթիա բաժնի ծառայողները, ձեռնարկելով հետախուզական միջոցառումներ, պարզած են, որ շունը վրաերթի ենթարկելու հարցի շուրջ խումբ մը անձինք, այդ շարքին՝ հիւանդանոց դիմած տղամարդը, Երեւանի Յաղթանակ թաղամասին մէջ պարզաբանումներ ըրած են, որ վերածուած է ծեծկռտուքի:
Այնուհետեւ միջադէպի մասնակիցները մեքենաներով հետապնդած են իրար:
Այդ ընթացքին մասնակիցներէն մէկը BMW մակնիշի մեքենայով վրաերթի ենթարկած է 42-ամեայ Անի Խ.-ն եւ անոր 2-ամեայ որդին: Վրաերթի հետեւանքով 42-ամեայ կինը մահացած է, իսկ որդին՝ տեղափոխուած հիւնադանոց:
«Հիւանդանոց տեղափոխուած երեխայի վիճակը ծայրայեղ ծանր է։ Բժիշկները կը պայքարին անոր կեանքի համար»,– յայտնած են Քննչական կիմիտէէն։
Դէպքի բոլոր հանգամանքները, այդ շարքին՝ BMW-ն վարած անձի ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ հետախուզական միջոցառումները կը շարունակուին: