Սուրիա- Հայ Աւետրանական «Փէթէլ» Վարժարանը այս տարի իր դռները պիտի բանայ յառաջիկայ 14 Սեպտեմբերին: Վարժարանի տնօրէնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ որոշած է այս տարուան ուսման թոշակները դարձնել անվճար: Նշենք, որ դպրոցի ընդհանուր դրութեան մասին «Արեւելք» յաջողեցաւ զրուցել Հալէպի Հայ աւետարանական վարժարաններու կրթական յանձախումբի պատասխանատու գործավար Տիկ. Արազ Մանսուրեանին հետ: Մանսուրեան նշելէ ետք, որ դպրոցը կը գտնուի Հալէպի «Թալաֆոն Հաուաի» շրջանին մէջ ըսաւ նաեւ, որ դպրոցի յետնամասը «Մայսալուն» շրջանն է, որ թէժ բախումներու շրջան կը համարուի: «Դպրոցին գտնուած շրջանը մեծ ապահովութիւն վայելող շրջան մը չէ սակայն այսօրուան դրութեամբ Հալէպի բոլոր շրջանները անապահով կը համարուին»: Արազ Մանսուրեան նաեւ ըսաւ, որ երբ իրավիճակը կը թէժանայ իրենք մտահոգ դրութեան մը կը մատնուին բայց եւ այնպէս «վճռած ենք մեր առաքելութիւնը շարունակել, որովհետեւ որեւէ պարագային կեանքը կանգ պիտի չառնէ եւ պիտի շարունակուի»: Մեր զրուցակիցը նաեւ ըսաւ, որ նկատի առնելով Հալէպի ընդհանուր իրավիճակը աշակերտերը դպրոց կը հասնին իրենց ծնողներուն հետ, որովհետեւ այդպէս աւելի յարմար է եւ ծնողները իրենք կը վերցնեն իրենց զաւակներուն ապահովութեան խնդրին պատասխանատուութիւնը: Արազ Մանսուրեան նաեւ յիշեցուց, որ գալիք մի քանի օրերուն «Փէթէլ» վարժարանի տնօրէնութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ երկրէն մեկնած ուսուցիչներու հեռացումով ստեղծուած բացը լրացնելու գործին ձեռնարկելու: Հալէպի Աւետարանական վարժարաններու գործավարուհին աւարտին նկատել տուաւ, որ իրենք անցնող տարիներուն ունեցած են մինչեւ 250 աշակերտեր եւ այսօր չէ բացառուած, որ անոնց թիւը որոշ աճ մը արձանագրէ :