Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ բռնկած խոշոր հրդեհէն այրած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու «Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ» դպրոցի շէնքը: Այս մասին յայտնած է «Արեւելք»-ը:
Վնասի չափը չի նշուիր, սակայն «Արեւելք»-ի ԱՄՆ-ի աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ դպրոցը կը գտնուի Ալթատենայի մէջ՝ բլուրի վրայ, եւ շատ մօտ եղած է կրակին, կ՚ենթադրուի, որ այն մեծաչափ վնասուած է:
«Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ» դպրոցը մասնաւոր դպրոց է, հիմնուած է 1980 թուականին, համայնքի խումբ մը հաւատացեալ գործիչներու նախաձեռնութեամբ։ Ունի մանկապարտէզ եւ միջին բաժին։ Անգլերէնով դասաւանդուող պետական ծրագրին զուգահեռ կ՚ուսուցանուին հայոց լեզու, պատմութիւն, կրօն։