Օրերս, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն՝ Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած է Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին նուիրուած յուշահանդէս։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հայ ժողովուրդին համար Վարդանանց պատերազմը հանդիսացած է արիութեան ճակատամարտ եւ չափանիշ՝ հայ ազգի զաւակներուն ներշնչումին եւ ազգային գիտակցութեան:
Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ հիւրընկալութեամբ՝ Գերապայծառ Տիրոջ, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին նուիրուած յուշահանդէս, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, հոգեւոր հայրեր եւ պատուելիներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, եկեղեցական մարմիններու, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի զաւակներ:
Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Սուզան Տատաղլեան: Յուշահանդէսը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան յոտկայս յարգելով յիշատակը Վարդանանց պատերազմի նահատակ հերոսներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Աննա Սաղպազարեան, ջութակի վրայ նուագելով «Նորահրաշ» շարականը եւ «Լռեց Ամպերը» երգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Նարօտ Սաղպազարեանի:
«Աւարայրի Ճակատամարտը» խորագիրով բովանդակալից ներկայացում մը կատարուեցաւ: Ներկայացման նիւթը գրած է՝ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան: Նիւթը տպաւորիչ առոգանութեամբ ներկայացուցին՝ Նուէր Ներսէսեան-Տիրարեան, Արփի Գրտանեան, Սարգիս Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան: Ներկայացումը առաւել գեղեցկացաւ Գարօլին Քէշիշեանի մեներգով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Հուրի Ստեփանեան-Գահուէճեանի: Այս ներկայացումին նուագով հանդէս եկան Ներսէս եւ Սեւան Մելէտեանները, ինչպէս նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Միութեան պատանիները:
Այնուհետեւ, «Տէ՜ր, Կեցո՛», «Քրիստոս Ի Մէջ», «Պլպուլն Աւարայրի» եւ «Քաջն Վարդանի» շարականներով եւ երգերով հանդէս եկաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Ալեմշահ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Մարգարիտ Խաչատուրեան-Պանտաքի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Հուրի Ստեփանեան-Գահուէճեանի, նուագի մասնակցութեամբ՝ Ներսէս եւ Սեւան Մելէտեաններու:
Այս առիթով, երեք համայնքապետները իրենց պատգամը ուղղեցին ժողովուրդին:
Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այս օրը մեր ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթին մէջ ունի իր ուրոյն դերակատարութիւնն ու նշանակութիւնը, նաեւ ան կը ներկայանայ իբրեւ մտորումներու եւ մեր ազգային, հոգեւոր, մշակութային դիրքորոշումներու թիրախ, այն մեկնակէտը եւ ելակէտը, ուր մտորումներ ձեւ կ'առնեն վելուծելու այսօրուան իրական կացութիւնները, զորս չեն նմանիր անցեալի կացութիւններուն:
Վերապատուելին նշեց, որ 451-ին Վարդան եւ իր ընկերները Աւարայրի ճակատին վրայ մղեցին գոյութենական պատերազմ, որուն մէջ անոնք կրցան տեսնել, թէ հայուն ինքնութիւնը եւ հայ ժողովուրդին կողմէ մղուած պատերազմը երբեք քաղաքական կամքին չի զիջիր: Ան հաստատեց ըսելով. «Վարդանանց ճակատամարտը զուտ քաղաքական ըմբոստութիւն մը չէր, անիկա ուխտի հաւատարմութեան հարց էր, խղճի ազատութեան խնդիր էր, նաեւ փորձի եւ հաւատարմութեան պատնէշի վրայ կենալու տեղ»:
Ան դիտել տուաւ, որ այսօր փորձութիւնը իր եղանակին մէջ կը տարբերի, երբ կը տեսնենք՝ լեզուի մաշուածութիւն, մեր ազգի միասնութեան նկատմամբ աւելի նուազ հետաքրքրութիւն եւ ուսումնակրթական ծրագիրներուն մէջ հայ ինքնութեան վերաբերեալ երկրորդական սեպած կարեւորութեամբ վեր առնուած նիւթեր:
Ան հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները վերադառնալու Աւարայրին եւ հերոսներու ու սուրբերու կեանքի հիմնաքարին, ուր այն սկզբունքները որոնք ճակատամարտի վրայ դրուեցան՝ յետագայ սերունդներուն մէջ ունեցան իրենց կառուցողական եւ հաստատակամ դրուածքը:
Ան անհրաժեշտ նկատեց միահամուռ, ազգային ինքնութեան լինելութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքները ամենաբարձր արժէքներու վրայ պահելով դիմակայել մարտահրաւէրները եւ ընթանալ քաջաբար, որպէսզի պահպանենք այն կոչումը, որուն համար կանչուեցանք:
Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան իր խօսքին մէջ մատնանշեց կարեւոր երեւոյթ մը՝ հաւատարմութիւն հանդէպ այն արժէքներուն, որոնց հաւատք կ'ընծայենք եւ հաւատարմութիւնը կրնանք պահել, երբ լաւապէս կը ճանչնանք: Ան նշեց, թէ Վարդանանց ճակատամարտի աշխարհական թէ հոգեւորական հերոսներուն հաւատքը մակերեսային չէր, այլ՝ խորքային, որովհետեւ ամբողջութեամբ բացուած էին աստուածային ճշմարտութեան եւ հաղորդ դարձած էին քրիստոնէական կրօնի իսկութեան ու էութեան հետ: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօրուան խորհուրդին ընդմէջէն հրաւիրուած ենք ինքնաքննութեան՝ քննելու մեր հաւատքին աստիճանը եւ մեր հաւատարմութիւնը այն աւանդին, որ իրենք արեան գնով մեզի ժառանգ թողեցին:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Վարդան Մամիկոնեան փոքր տարիքէն իր դաստիարակութեամբ իրազեկ էր այս ճշմարտութեան եւ չէր կրնար անհաւատարիմ գտնուիլ: Ազգային եւ եկեղեցական դաստիարակութիւնը իր մէջ մէկ ամբողջութիւն կը կազմէր: Սրբոց Վարդանանց զօրավարները պատրաստակամ գացին նահատակուելու, որովհետեւ մահուամբ պիտի միանային Տիրոջ եւ այդպիսով պիտի ամբողջանար քրիստոնէական հասկացողութեամբ տրուած խոստումները:
Սրբազան Հայրը հարց տուաւ ըսելով, որ այսօր մեր հաւատարմութիւնը յարաբերաբար մեր նահատակներուն ո՞ւր կը գտնուի: Եթէ ունինք Աստուծոյ երկիւղը, ճանաչողութիւնը, եթէ ունինք զՔրիստոս եւ կը հետեւինք աստուածային ուսուցումներուն՝ հաւատարիմ կ'ըլլանք մեր հայրենիքին, եկեղեցիին եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներուն:
Ան մաղթեց, որ Վարդանանց հերոսներուն նահատակութեան եւ արեան հեղումին ընդմէջէն եկող պատգամը մեր կեանքին մէջ Սուրբ Հոգիով կենդանի իրականութիւն դառնայ:
Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ 451-ին հայ ժողովուրդին առջեւ գտնուած երեք մարտահրաւէրներուն: Յազկերտ Բ. նամակով պահանջած էր, որ հայ ժողովուրդը ուրանայ քրիստոնէութիւնը, հրաժարի իր մշակոյթէն ու լեզուէն, հողէն ու հայրենիքէն: Սակայն հայ նախարարներն ու հոգեւորականները առանց վախնալու, քաջաբար պատասխանեցին Յազկերտի նամակին եւ մերժեցին հրաժարիլ քրիստոնէական կրօնէն եւ ազգային արժէքներէն:
Գերապայծառ Տէրը դիտել տուաւ, որ նոյն մարտահրաւէրները մինչեւ օրս կը շարունակուին մեր առջեւ ծառանալ, խաթարելով քրիստոնէական մեր հաւատքը, մեր մշակոյթն ու լեզուն եւ մեր հողն ու հայրենիքը: Հետեւաբար, այս մարտահրաւէրներուն առջեւ ան անհրաժեշտ նկատեց պայքարիլ:
Գերապայծառ Տէրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթ տուաւ յիշատակելու Սրբոց Վարդանանց տօնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեանին՝ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը պատրաստելուն համար, շնորհակալութիւն յայտնեց «Ալեմշահ» երգչախումբին, յայտագիրի մասնակիցներուն եւ Համայնքապետներուն:
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ երգչախումբի «Տէրունական Աղօթք»-ի երգեցողութեամբ եւ երեք համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով: