image

Նշուած է Կլէյնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հիմնադրման 50-ամեայ յոբելեանը

Նշուած է Կլէյնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հիմնադրման 50-ամեայ յոբելեանը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանն ու Ազգային վարչութեան անդամները, անոնց ընդմէջէն բարձրօրէն գնահատեց անցնող տասնամեակներուն բոլոր ազգային վարչութեան անդամներուն գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը, այլեւ գերազանցապէս դրուատեց Արեւմտեան Թեմի բոլոր բարերարները, ինչպէս նաեւ արժեւորեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներկայի եւ անցեալի բոլոր Հոգաբարձութիւնները, պաշտօնէութիւնը եւ կամաւոր բոլոր ծառայողները եւ յատուկ գնահատանքի արժանացուց յիսնամեակի յանձնախումբի անդամներն ու յատկապէս ատենապետ Կարօ Էշկիեանը, իրենց անսակարկ ծառայութեան եւ նման բարձրորակ ձեռնարկներով իրենց սիրելի եկեղեցւոյ կէսդարեայ յոբելեանը ճոխութեամբ նշելնուն համար, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց սրահը լեցուցած բոլոր ներկաներուն եւ բոլորին մաղթեց նոյն թափով շարունակել ծառայել Աստուծոյ եւ հայ ազգին, նաեւ յառաջիկայ յիսնամեակի ընդառաջ: 

Կիրակի, 3 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի հանդիսապետութեամբ իրագործուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած Կալա-ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Հիլթոն» պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերար ընտանիքի որդւոյն՝ Տիար Արա եւ դստեր՝ Տիկին Մարլէն Տէր Մինասեաններու, կազմակերպութեամբ յիսնամեակի յանձնախումբին, որուն ատենապետն է Ազգային բարերար՝ Տիար Կարօ Էշկիեան: 

Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդներ՝ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ եւ անդամներ իրենց կողակիցներով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, Հոգեւոր հայրեր, յոբելեար եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնն ու ենթակայ մարմինները, Ազգային երեսփոխաններ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիար Արտի Քասախեան, քաղաքային հին ու նոր պաշտօնեաներ, հայ համայնքի ղեկավարներ, Արեւմտեան Թեմի բարերար ընտանիքներ ու անհատներ, շրջանի պատասխանատուներ, սարկաւագներ, դպիրներ, երգչախումբի անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, թիւով աւելի քան չորս հարիւր հոգի: 

Սեղաններու օրհնութենէն ետք, ճաշկերոյթի բացման խօսքն ու երեկոյի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց օրդ. Քրիսթա Քիւրքճեան, որմէ ետք Տիար Պերճ Քիրազեան յաջորդաբար շքեղօրէն հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: 

Յիսնամեակի ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Գերպ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները փառաբանեց զԱստուած՝ ըսելով. «Այսօր, հաւաքուած ենք այստեղ ո՛չ միայն նշելու յիսնամեայ յոբելեան մը, այլեւ մեր կեանքին մէջ ապրելու կենդանի ներկայութիւնը Աստուծոյ անմեկնելի ներկայութեան» եւ դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ հինգ տասնամեակները սոսկ թիւ չեն, այլ կը ներկայացնեն սերունդներու զոհողութեան, հաւատքի, հաւատարմութեան, արցունքի եւ ուրախութեան պատմութիւնը: 

Խօսելով ընդհանրապէս եկեղեցւոյ գոյութեան ու իմաստին մասին, Հայր Զարեհ ծանրացաւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դերին ու ազգային նկարագիրին վրայ՝ իբրեւ «մտքի եւ հոգիի վարժապետ» եւ աւելցուց, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցին հայ-քրիստոնեայ ինքնութեան պսակն ու ապաւէնը, ինչպէս նաեւ նախնեաց Ս. հաւատքին ու աւանդին գանձատունն է, եւ թէ՝ «ան չի սահմանափակուիր ժամանակի մէջ, այլ յաւիտենականներէն եկած ըլլալով կ՛ուղղուի դէպի յաւիտենականութիւն»: 

Այնուհետեւ, ներկաները յաջորդաբար տեսերիզով հաղորդ դարձան եկեղեցւոյ յիսնամեայ պատմութեան, որ պատրաստուած էր Սեդա Գրիգորեանի կողմէ, ապա, դարձեալ տեսերիզով, ներկաները իրազեկ դարձան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորութեանց, բարեմաղթութեանց եւ օրհնութեան խօսքերուն: 

Յայտագիրի յաջորդ բաժնով հանդէս եկաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Քասախեան եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը՝ շնորհաւորելով հայաշատ Կլենտէյլ քաղաքի հոգեւոր կեդրոնին յիսնամեայ յոբելեանը: Իր խօսքին մէջ ան խորհրդածելով աղօթքի էական կարեւորութեան մասին՝ անհատական-ընտանեկան անդին նաեւ ազգային, համազգային, հայրենական ճգնաժամերու եւ համաշխարհային ցնցումներու կասեցման ի նպաստ՝ մաղթեց, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը շարունակէ գործել իբրեւ ազգային միասնականութեան, հայութեան հզօրացման եւ հայ հոգեւոր ու մշակութային առաքելութեան յառաջատար մարտիկ: 

Ճաշկերոյթի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Կարօ Քիւրքճեան, Հոգաբարձութեան անունով ապակեայ յուշանուէրներով գնահատեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. խորանին 25 եւ աւելի տարիներ ծառայած եօթը սարկաւագներ, որոնք իրարու ետեւէ բեմ բարձրացան եւ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի ձեռամբ ստացան իրենց յուշանուէրները, հետեւեալ կարգով. Ժաք Նալճեան, Հրայր Թեճիրեան, Գէորգ Տոլմաճեան, Րաֆֆի Նալճեան, Րաֆֆի Քէշիշեան, Սեդրակ Գարատօլեան եւ Րաֆֆի Քիւրքճեան։ 

Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, որմէ ետք բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Տիար Դատաւոր Զաւէն Սինանեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հետ իր անհատական եւ իր ստեղծած ընտանիքի անդամներուն հետ կապը վեր առնելով՝ ըսաւ, որ հոգեւոր այս կեդրոնը կամուրջ է երկու երկիրներու՝ Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ, եւ թէ՝ բոլորիս ներկան եւ մեր ազգային ինքնութիւնը իրարու կապող եւ գործող հաւաքականութեան վերածող յատկանշական երեւոյթ է: Անդրադառնալէ ետք նորագոյն հայոց պատմութեան, ան աւելցուց, որ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Հայկական Ցեղասպանութեան հետքերը մենք մեր մէջ կը կրենք մինչեւ այսօր՝ իբրեւ բնաջնջուած հայրենիքի իրաւազրկուած յաջորդական սերունդներ եւ յիշատակելով Արցախեան նորագոյն պայքարի ներկայ իրավիճակը աւելցուց, որ մեր ժողովուրդը, ի հեճուկս հայութեան դէմ գործադրուած արհաւրալից չարիքին, մինչեւ այսօր արժանապատուութեամբ կը շարունակէ իր կեանքին մէջ վառ պահել հայ նախնեաց աւանդը՝ Հայ Եկեղեցին ամուր, անսասան ու բարգաւաճ պահելու եւ իբրեւ հայ-քրիստոնեաներ ապրելու ձգտումը նաեւ գալիք սերունդներուն համար, «որոնք յաջորդ յիսնամեակին պիտի գրաւեն մեր տեղերը եւ մեզ պիտի պատուեն այնպէս, ինչպէս մենք այսօր կը պատուենք այս եկեղեցւոյ հիմնադիր սերունդները»: Բանախօս դատաւորը իր խօսքը աւարտեց համահայկական մաղթանքով՝ ըսելով, որ Աստուծոյ հետ վառ պէտք է պահենք «Հայաստան, հաւատք, յիշողութիւն» բառերը մեր եւ գալիք բոլոր ժամանակներու հայութեան կեանքին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքերը հնչեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յիսնամեակին նուիրուած երկու ձեռնարկներուն՝ Ապրիլ ամսուան մէջ կայացած «Ոսկեփայլ համերգ»ի եւ ներկայ ճաշկերոյթի արժեւորման ծիրէն ներս, յատկապէս երբ ան դիտել տուաւ, որ պատահական չէ, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յիսնամեայ երթին մէջ յատկանշական շարունակականութեամբ արձանագրուած են վերելք ու յաջողութիւն: Այս առիթով, ան մէջբերեց իշխանական նուիրատուութիւն կատարած Արա Տէր Մինասեանի այն խօսքը, թէ «աւելի մեծ ի՞նչ գոհունակութիւն մարդ կրնայ սպասել կեանքէն, քան եկեղեցի շինելու այս մեծ ուրախութիւնը»՝ իբրեւ ցուցանիշ յաջողութեանց յարատեւ վերելքին եւ եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարին այս արտայայտութիւնը ան կապեց հայկական դարաւոր այն իրականութեան, որ բոլոր ժամանակներուն հայ իշխաններ եւ բարերարներ կառուցած են եկեղեցի, հաւատքի ու դիմագիծի պահպանման ազգային կռուաններ եւ անոնց բարերարութեան շնորհիւ է, որ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներ եւ ամբողջ սերունդներ կը գիտակցին իրենց էութեան մաս կազմող հայ-քրիստոնեայ ոգիի գոյութեան եւ մինչ օրս կը շարունակեն ո՛չ միայն նիւթական, այլեւ բարոյական ներդրում կատարել մեր հաւաքական կեանքի յարատեւ յաջողութիւնը ապահովող հոգեւոր եւ ազգային ու մշակութային դաշտերէն ներս, բարոյապէս եւ նիւթապէս: 

Նաեւ անդրադառնալով պարգեւատրեալներուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ընդգծեց կամաւոր ծառայութեան ոգին ե՛ւ սարկաւագներուն, ե՛ւ եկեղեցական կեանքի բարգաւաճման մէջ իրենց քրտինքը դրած բոլոր պատասխանատու մարմիններուն եւ կամաւորներուն, վերստին կրկնելով իր այն խօսքը, որ Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ «բարերար» գաղութի դեր կը կատարէ Լոս Անճելըսը, ուր Կլենտէյլի հայութիւնը աչքառու ներկայութիւն է նաեւ իր ազգային վարժարաններով, որոնք եւս անդադրում կերպով յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն, ըսաւ ան եւ մեծապէս գնահատեց բոլորը: 

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանն ու Ազգային վարչութեան անդամները, անոնց ընդմէջէն բարձրօրէն գնահատեց անցնող տասնամեակներուն բոլոր ազգային վարչութեան անդամներուն գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը, այլեւ գերազանցապէս դրուատեց Արեւմտեան Թեմի բոլոր բարերարները, ինչպէս նաեւ արժեւորեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներկայի եւ անցեալի բոլոր Հոգաբարձութիւնները, պաշտօնէութիւնը եւ կամաւոր բոլոր ծառայողները եւ յատուկ գնահատանքի արժանացուց յիսնամեակի յանձնախումբի անդամներն ու յատկապէս ատենապետ Կարօ Էշկիեանը, իրենց անսակարկ ծառայութեան եւ նման բարձրորակ ձեռնարկներով իրենց սիրելի եկեղեցւոյ կէսդարեայ յոբելեանը ճոխութեամբ նշելնուն համար, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց սրահը լեցուցած բոլոր ներկաներուն եւ բոլորին մաղթեց նոյն թափով շարունակել ծառայել Աստուծոյ եւ հայ ազգին, նաեւ յառաջիկայ յիսնամեակի ընդառաջ: 

Հուսկ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յիսնամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» խմբերգով, կատարողութեամբ Պերճ Քիրազեանի, որուն յոտնկայս ընկերակցեցան բոլոր ներկաները: 

Յայտնենք, որ երեկոյի ընթացքին նաեւ հանդէս եկաւ «Էլեմենթ» նուագախումբը եւ ներկաներուն մատուցեց երաժշտական քաղցրահունչ կտորներ: