image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Ծաղկեմատոյց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առթիւ

Հալէպ. Ծաղկեմատոյց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին  առթիւ

Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026_ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ազգ.գերեզմանատան Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցսւ ծաղկեմատոյց` ի յիշատակ մեր սուրբ նահատակներուն։

Արարողութեան մասնակիցները դիմաւորուեցան Հ.Մ.Մ._ի, Հ.Ե.Ը._ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ._ի տարազաւոր սկաուտներուն կողմէ։

Արարողութեան ներկայ էին` 

_Հայ երեք հոգեւոր պետերը`

Գերշ.Տ.Մակար Սրբ.Արք.Աշգարեան` Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին, 

Արհիապատիւ Տ.Պետրոս Արք.Միրիաթեան` Առաջնորդ Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց, 

Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան` համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի, 

_Հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, 

 _Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, 

-Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան ներկայացուցիչներ, -ՀՄԸՄ_ի եւ ՀՕՄ_ի Կեդրոնական վարչութեանց անդամներ, 

_ Սուրիոյ Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, _Հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական, երիտասարդական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

_Ընկերային ծառայութեան մարմիններ  եւ հաստատութիւններ, 

_Սուրիանիններու Համընկերակցութիւն կուսակցութեան առաջնորդներ, _Սուրիական եւ Հայաստանեան լրատուամիջոցներ:

Արշօ Կիւրոյեան_Թաշճեան բաց յայտարարեց ծաղկեմատոյցի արարողութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, ապա հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեր սրբադասուած  նահատակներուն։

 Բացման իր խօսքով, ան  նախ անդրադարձաւ 1915_ին Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, հայրենազրկումին, հայութեան ոչնչացման ուղղուած զանգուածային կոտորածներուն։

 Ապա Թաշճեան ըսաւ, որ 111 տարիէ ի վեր ամէն հայու սրտին մէջ կը մխայ կրակ մը։ Այսօր իւրաքանչիւր ծաղիկ, որ կը զետեղուի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց, վերահաստատումն է մեր հաւաքական արժանապատուութեան եւ ուխտն է արդարութեան վերահաստատման։ 

 Օրուան հանդիսավար Գարօլին Քիւրքլեան_Արոյեան յաջորդաբար պաշտօնական հիւրերն ու միութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրեց ՀՄԸՄ_ի փողերախումբի հնչեցուցած երաժշտութեան եւ ՀՄԸՄ_ի, ՀՄՄ_ի եւ ՀԵԸ_ի տարազաւոր սկաուտներու ընկերակցութեամբ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ ու վարդեր զետեղելու եւ նահատակներու յիշատակին առջեւ խոնարհելու։

Ծաղկեմատոյցի աւարտին հանդիսավարը ներկաները հրաւիրեց Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահ՝ մասնակից դառնալու նոյն առիթով Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպած "Մեր արիւնը զոհաբերութիւն է՝ յանուն հայրենիքի" խորագրով արեան տուչութեան արարողութեան։