Ռուսիոյ Դաշնութեան զօրքերը կը շարունակեն իրենց հիմնական ուժերը կեդրոնացնել Քուփեանսքի, Լիմանի, Պախմուտի, Աւտէեւքայի եւ Մարյինքայի ուղղութիւններով։ Այս մասին 22 մայիսի առաւօտեան ամփոփագրում յայտնած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապը, գրած է korrespondent.net։
Անցած 24 ժամուան ընթացքին ռազմաճակատի նշուած հատուածներուն տեղի ունեցած է 37 մարտական բախում։ Պախմուտն ու Մարյինքան մարտական գործողութիւններու կեդրոնն են:
Պախմուտ քաղաքի համար մարտերը կը շարունակուին, ըսուած է Ուքրանիոյ ԶՈՒ ԳՇ ամփոփագրով:
Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Ճափոնի մէջ պարզաբանած էր Պախմուտի մասին իր խօսքերը՝ նշելով, որ այս պահու դրութեամբ քաղաքը հաստատ ամբողջութեամբ չէ գրաւուած ռուսերու կողմէ։
Մինչդեռ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է «Վակնէր» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան մարտիկները ու ռուսական բանակը՝ Պախմուտի գրաւման կապակցութեամբ։ Այս մասին յայտնած է Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը։