image

Հակառակ բոլոր սպառնալիքներուն Աղաւնոյի մէջ մանկապարտէզ կը կառուցուի

Հակառակ բոլոր սպառնալիքներուն Աղաւնոյի մէջ մանկապարտէզ կը կառուցուի

  Հերոսական   Արցախի  մէջ իր  ուրոյն տեղն ունեցող   Աղաւնո   գիւղը   մանկապարտէզ  պիտի ունենայ։ Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Ստեփանակերտ հրապարակուող   «Ապառաժ»  կայքէն։

Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղը Արցախ-Մայր հայրենիք սահմանին է այսօր, Լաչինի մարդասիրական միջանցքի սկիզբը:

Արցախեան վերջին պատերազմի պատճառով դատարկուած է Քաշաթաղի շրջանը, ստիպած էին, որ Աղաւնոյէն ալ բնակիչները դուրս ելլեն: Սակայն համայնքապետ՝ Անդրանիկ Չաւուշեանի, որ, ի դէպ, 5 անչափահաս զաւակ ունի, եւ բնակիչներու հայրենասիրութեան, հողին տէր մնալու, հայրենիքը չլքելու վճռականութեան շնորհիւ կ'ապրի Աղաւնոն՝ որպէս հայոց բնակավայր, եւ ունի դպրոց:

Դպրոցը Քաշաթաղի շրջանի առաջին կրթօջախներէն է, սկսած է գործել 1994 սեպտեմբերին, եւ կը կոչուի Գարեգին Նժդեհի անունով: Յատկացուած ինքնաշարժով Բերձոր քաղաքէն կը յաճախեն 9 աշակերտ եւ մէկ ուսուցիչ: Դպրոցի Տնօրէնը ըսած է, թէ արդեն ուսուցիչներու կարիք գրեթէ չկայ: Այս օրերուն դպրոցէն ներս կ'ընթանան նաեւ վերանորոգման աշխատանքներ: Կը հիմնանորոգուին քանի մը դասարան, դահլիճը եւ գրադարանը:

Գիւղը մինչեւ հիմա սփիւռքահայութեան ուշադրութեան կեդրոնն է: Տարիներ առաջ լիբանանեան «ARI» (Artsakh Roots Investment) հիմնադրամի ծրագրով մօտ 70 բնակելի առանձնատուն կառուցուած է, նաեւ իրականացուած են այլ աշխատանքներ: Դեռ անցած դեկտեմբերին Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ի պատուիրակութիւնը ժամանած էր Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտ, եւ յստակացուած էին շարք մը ծրագիրներ:

Ներկայիս Աղաւնոյի մէջ «Արցախ Ֆոնտ»-ի ֆինանսաւորմամբ մանկապարտէզ կը կառուցուի: Ա. Չաւուշեան տեղեկացուցած է, որ մինչեւ սեպտեմբեր նախակրթարանը պատրաստ կ'ըլլայ եւ կ'ընդունի մօտ 10 երեխայ: Գոյքի հարցը կը լուծուի Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի միջոցով: Այժմ կ'ընթանան շինարարական աշխատանքներ:

Նիւթը՝ aparaj.am-էն