image

-Կլէնտէյլ պիտի տեսնուէինք, Սագօ...

  -Կլէնտէյլ պիտի տեսնուէինք, Սագօ...

«Մարդիկը կ'երթան, անոնց տեղը կը գրաւեն իրենց հետքերը: Իսկ լինելութիւն մը ինչպէ՞ս վերակազմել այլապէս:» -Գրիգոր Պըլտեան, ՊԱՐԸ, Սարգիս Խաչենց – Փրինթինֆո, Երեւան, 2025, էջ 466

Տեղատարափ անձրեւ էր այդ Կիրակի առաւօտեան եւ եղանակի նոյնանման շարունակումը կը սպառնար երեկոյեան պատշգամեան արարողութեան: Քիչ մնացած էր վէպի աւարտին հասնելու համար եւ չէիր ուզեր այդ պահը յետաձգել: Ոչ թէ, ինչպէս Սիկրիթ Նունէզ կը նշէ, վէպին մէջ պատահածը յիշելու կարեւորութեան համար, այլ միւս ճշմարտութեան՝ “what matters is what you experience while reading, the states of feeling that the story evokes, the questions that rise to your mind, rather than the fictional events described.” (Sigrid Nunez, THE VULNERABLES, NY: Riverhead Books, 2023, p. 3)

Չանձրեւեց օրուայ ընթացքին: Երկինքը մնաց ամպամած, ջերմաստիճանը՝ հաճելի: Վէպը աւարտեցաւ՝ զգացումներու, մտածումներու եւ ինչ որ պահու մը գրելու մտադրութեամբ եղած նօթագրառումներով:

«Ինչ որ մտքէդ անցնի արձանագրէ: Յետոյ իր մասին ամբողջ գրութեան մը նօթերը պիտի ունենաս:»

Այն ատեն Herald Tribune կար: Անոր սիւնակագիրներէն ամենէն շատ սիրածը Art Buchwald-ն էր: Գիտէի երբ թերթը իր ձեռքերուն մէջն էր եւ դէմքին ժպիտը ծիծաղի փոխուելու սկսէր, պիտի ըսէր՝ «Նայիր ինչ գրեր է...» Բայց ամերիկացի յօդուածագիրը չէր իր սեփական հիւմորին միակ աղբիւրը: Որքան հմուտ էր որպէս լրագրող եւ խմբագիր, «ղազէթաճի», կը նախընտրէր ինք՝ ժպտալով եւ ժպտացնելով, տեղական (լիբանանեան) թէ միջազգային լուրերու շատ արագ ընկալման, կարեւորը ընտրելու եւ «Ազդակ»ի յաջորդ օրուայ թիւին մէջ անոնց համապատասխան կարեւորութեան տեղը ճշդելու մէջ , նոյնքան ուշադիր էր առօրեայի պահերը ծիծաղի վերածելու բոլոր առիթներուն:

Այս մէկը պատշգամին մասին էր: Միւս պատշգամը, «Բագին»ի խմբագրատան, ուր շաբթուան մէջ կը մնար Պէյրութի արեւելեան կողմի «Ազդակ»ի բոլոր աշխատակիցներուն հետ: Այդ պատշգամին նստած էր հսկայակազմ «Հենց»ը, տեղատարափ անձրեւոտ կէս գիշերը անց, «ես ալ թերթը գոցած եմ, գացի պառկելու, մէյ մըն ալ տեսնեմ որ Հայկ Նահապետի նետին ծայրին մաքուր հայերէնով հայհոյանքներու տարափ մը կը տեղացնէ... Ի՞նչ կ'ըլլայ կոր «Հենց» հարցուցի քիչ մը զարմացած: Նայեցաւ ինծի, յետոյ փողոցը ողողած յորդառատ կոյուղիի գետը ցոյց տուաւ. «որս պիտի ընէ եղեր... փեթրոլով լեցուն Իրաքը ձգեր է տէ, ազատ ըլլալու, որս ընելու համար, լեռները բարձրացեր է, մենք ալ, հայ տէյի, իշդէ հոս հասանք...»» «Հենց»ին դէմքին նայողը արդէն անխուսափելիօրէն նախ կը վախնար, ուր մնաց ժպիտ կամ կատակ փնտռելը, բայց ինք այս պատմութիւնը չվերջացուցած արդէն խնդալու սկսած էր, մենք ալ հետը:

Այդ Կիրակի, աւելի քան երբեք, պատճառ ունիս գիշերուայ խաւարը սպասելու: Գիտես ինչ պիտի գրես: Առաջինը: «Վերակազմելու» համար (իր) լինելութիւնը, ինչպէս կարդացիր վէպին մէջ: Երկնակամարէն կտոր մը ուշադրութիւնդ կը գրաւէ:

- Կլէնտէյլ պիտի տեսնուէինք, Սագօ...

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան 

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...