image

Հացահատիկով 3 բեռնանաւ վաղը դուրս պիտի գան ուքրանական նաւահանգիստներէն. Թուրքիոյ ՊՆ

Հացահատիկով 3 բեռնանաւ վաղը դուրս պիտի գան ուքրանական նաւահանգիստներէն. Թուրքիոյ ՊՆ

Իսթանպուլի Համակարգող կեդրոնը 5 յուլիսին կը ծրագրէ ուքրանական նաւահանգիստներէն հացահատիկ տեղափոխող երեք բեռնանաւերու ելքը։ Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը, կը գրէ «Ռիա»ն:

«Միաւորուած համակարգող կեդրոնի աշխուժ աշխատանքով պայմանաւորուած է երեք նաւերու ելքը ուքրանական նաւահանգիստներէն»,-ըսած է Աքարը:

22 Յուլիսին Իսթանպուլի մէջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն երկու փոխկապակցուած փաստաթուղթ ստորագրած է համաշխարհային շուկաներ պարէնի եւ պարարտանիւթերու մատակարարման խնդիրներու լուծման վերաբերեալ: Փաստաթղթերը միասնական փաթեթ կը ներկայացնեն։

Առաջինը՝ յուշագիրը, կ'ենթադրէ ՄԱԿ-ի պարտաւորութիւնները՝ վերացնելու համաշխարհային շուկաներ ռուսական գիւղմթերքի եւ պարարտանիւթերու արտահանման զանազան սահմանափակումները։ Երկրորդը կը սահմանէ Ուքրանիոյ կողմէ վերահսկուող Սեւծովեան նաւահանգիստներէն ուքրանական գիւղմթերքի արտահանման ալկորիթմը։ Երկրորդ փաստաթուղթի հիմքը Ռուսիոյ առաջարկած ալկորիթմն է, որով ծովային մարդասիրական միջանցք պիտի ստեղծուի Ուքրանիոյ կողմէ վերահսկուող Սեւծովեան նաւահանգիստներէն առեւտրային նաւերու անվտանգ ելքի համար։